«Այտա Մուրատեան» Եւ «Արսէն Չաղլասեան» Անունները Կրող Սենեակներու Բացում` «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Յարկին Տակ
Մայիս 17-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ բացումը կատարուեցաւ «Այտա Մուրատեան» խմբագրասենեակին եւ «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին:
Բացման արարողութենէն ետք «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ այս առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որուն բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան, որ անդրադարձաւ նորաբաց սենեակներուն ունեցած կարեւորութեան` մեկնելով անոնց յարկին տակ ծաւալող աշխատանքներէն:
Արդարեւ, «Այտա Մուրատեան» խմբագրասենեակին մէջ կը տարուին մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ Մզտիկ»-ի խմբագրակազմին աշխատանքները: «Մեծ բծախնդրութեամբ ու ճշդապահութեամբ իրականացող այս աշխատանքը կը գրաւէ լիբանանահայ պատանիներուն ուշադրութիւնը եւ թերթ կարդացող բանակին կողքին կը ստեղծէ «Պզտիկ Մզտիկ» կարդացող պատանիներու զօրամաս մը», յայտնեց Պալեան:
Իսկ «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին կարեւորութեան անդրադառնալով` ան յայտնեց, որ հոն պիտի հաւաքուին երիտասարդներ եւ նոր միտքերով ու գաղափարներով պիտի դառնան «Ազդակ»-ի խմբագրատան կենսատու ջոկատը, հոն կարելի պիտի ըլլայ բարձրաձայն մտածել, միտքեր փոխանակել եւ պատգամ մը փոխանցել:
«Թերեւս պատահական չէր, որ նախորդ շաբաթներուն ընթացքին «Ազդակ»-ի էջերով հրատարակուած «Ընկերվարական ոսպնեակ» խորագրեալ էջերը պատրաստող տղաքը իրենց հանդիպումները կատարեցին այդ սենեակին մէջ:
Մեզի կը մնայ կարդալ այդ նշանները եւ վարակուելով «Պզտիկ Մզտիկ»-ի հետեւողական աշխատանքէն կեանք ու բաբախուն սիրտ ներարկել «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին», եզրափակեց Արշօ Պալեան:
Ապա խօսք առաւ «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որ անդրադարձաւ սփիւռքահայ մամուլի ապրած ներկայ դժուար ու մարտահրաւէրներով լի պայմաններուն, որոնց պատճառով անցողիկութեան եւ ժամանակավրէպութեան դառն հետեւանքները կը կրեն մանաւանդ այն հաստատութիւնները, որոնք աւանդական բնոյթ ունին, որոնք դասական արժէքային համակարգին բաղադրամասերն են:
«Անոնցմէ է թերթը կամ հայ մամուլը, որ եթէ այսօր բաւարարուի սոսկ տպագիր տարբերակի հրատարակութիւնը ապահովելու իր առաջնային առաքելութեամբ, շատ արագ կը դառնայ ժամանակավրէպ կամ ամէնէն մեղմ ըսելաձեւով անցեալի արժէք: Անցեալի արժէք չվերածուելու օրական պայքարն է, որ կը մղէ հայ մամուլը», յայտնեց Շ. Գանտահարեան: Անոր համաձայն, այս մնայուն պայքարը ունի նաեւ իր տարբեր հանգրուաններն ու շերտերը, որոնց հետ քայլ պահելու մնայուն ճիգին մէջ է օրաթերթը:
«Մեր պարագային կանուխ տարիքէն թերթին կապելու աշխատանքը կը տարուի մանկապատանեկան յաւելուածի ճամբով: Պակսող օղակը երիտասարդականն է, որ պէտք է խոստովանիլ` ամէնէն բարդ եւ դժուար իրականանալի բաժինն է: Իբրեւ լրացում վերջերս տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեաններու նուիրատուութեամբ կառուցուած «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին, «Այտա Մուրատեան» խմբագրասենեակը պիտի ծառայէ մանկապատանեկան խմբագրական եւ ծրագրաւորման աշխատանքներուն: Իսկ «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակը հարցազրոյցներու եւ խմբագրական ժողովներու առընթեր հիմնականին մէջ պիտի յատկացուի խմբագրական աշխատանքներու հմտութիւն ունեցող երիտասարդ խաւի ներկայացուցիչներու հետ աշխատանքային հանդիպումներու: Յառաջիկայ վերամուտին կը ծրագրենք աշակերտական խմբագրակազմերու հետ հերթական հանդիպումներ ունենալ եւ ծրագիրներ մշակել», ըսաւ ան:
Այս առիթով Շահան Գանտահարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Չաղլասեան ընտանիքին` տիկին Սեդային, Նորային, Արային եւ Շահէին, որոնք ի յիշատակ իրենց ամուսինին եւ հօր` Արսէն Չաղլասեանին եւ իրենց քրոջ ու մօրաքրոջ` Այտա Մուրատեանին աջակցեցան եւ սատար կանգնեցան «Ազդակ»-ին, որպէսզի այս ծրագիրները իրականութիւն դառնան:
Իր խօսքը եզրափակելով` Շ. Գանտահարեան հաստատեց. «Սփիւռքահայ մամուլին եւ յատկապէս մեր թերթին նկատմամբ ցուցաբերուած այս ազնիւ քաջալերանքին դիմաց մենք յաւելեալ պարտաւորութեամբ եւ վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք «Ազդակ»-ի առաքելութիւնը»:
Անկէ ետք սրտի խօսք արտասանեց «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ի խմբագիր Յարութ Սասունեան, որ դիտել տուաւ, թէ նման նախաձեռնութիւններ պատգամ են ամբողջ հայութեան ուղղուած, որովհետեւ «Ազդակ»-ը միայն լիբանանահայութեան օրաթերթը չէ, այլեւ համայն հայութեան: Այսպիսով փաստը կը տրուի այն իրողութեան, որ թերթը ոչ միայն կը տոկայ, այլեւ կը զարգանայ, կը յառաջդիմէ. նման բարերարներու առկայութեամբ կարելի է գիտակցիլ, թէ ազգը պիտի չնահանջէ, հաստատեց Սասունեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուական վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան լիբանանահայութեան հետ իր ունեցած կապը նկատեց իբրեւ ուրախութիւն, հպարտութիւն եւ նոյն ատեն յուզում առթող, որովհետեւ գաղութին մէջ կայ անկեղծ հայկականութիւն եւ ջերմութիւն: Ան հաստատեց, որ «Ազդակ»-ին դերակատարութիւնը մեծ է սփիւռքահայ մամլոյ իրականութեան մէջ, որովհետեւ թերթը կը պայքարի ինքնութեան պահպանման համար, անոր ճամբով կը կատարուի ազգային գաղափարներու եւ նպատակներու քարոզչութիւն: Վարդանեանի համաձայն, «Ազդակ»-ը նոյնիսկ ներդրում ունի հայաստանեան տեղեկատուական դաշտին մէջ, որովհետեւ հայութեան վերաբերող տարբեր խնդիրներ կը տարածուին եւ լուսարձակի տակ կը բերուին այս թերթին ճամբով:
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի հայկական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան, որ յայտնեց, թէ յատկանշական է «Ազդակ»-ի ապրած բարգաւաճման հետեւողականութիւնը, որուն ընդմէջէն թերթը մամլոյ իւրայատուկ յենակէտ ըլլալու կողքին կը վերածուի կրթական օճախի, սերունդներ կազմաւորող քուրայի: Ան յայտնեց, որ մանկապատանեկանն ու երիտասարդականը եւս նկատի ունենալը չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ անոնք են ապագայի երաշխաւորները:
Չաղլասեան ընտանիքին կողմէ խօսք առաւ Նորա Չաղլասեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար, որուն ճամբով կարելի եղաւ անմահացնել իրենց հօր ու մօրաքրոջ յիշատակը, մանաւանդ որ անոնք «Ազդակ»-ի մոլի ընթերցող եղած են: Ան հաստատեց, որ իրենց ընտանեկան յարկին տակ գիրի, գրականութեան, մշակոյթի եւ մամուլի նկատմամբ եղած սիրոյ, գուրգուրանքի եւ այս բոլորը ըմբոշխնելու քաջալերանքի դրսեւորումն է իրենց այս նախաձեռնութիւնը:
Ապա Շահան Գանտահարեան Սեդա Չաղլասեանին յանձնեց «Ազդակ»-ի յուշանուէրը:
Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ դիտել տուաւ, թէ քրիստոնէական սկզբունքներով քարոզչութեան լաւագոյն ձեւը գործն է, իսկ «Ազդակ»-ի յարկին տակ տեղի ունեցող մնայուն նուաճումներն ու յառաջդիմութիւնները ինքնախօս եւ պատգամաբեր են: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ «Ազդակ»-ի նկատմամբ եղած վստահութեան եւ անոր դերակատարութեան կարեւորութեան նկատմամբ եղած գիտակցութեան շնորհիւ է, որ թերթին գործունէութիւնը կ՛ուռճանայ, անոր նեցուկ կանգնողները կ՛աւելնան:
Գեղամ արք. Խաչերեան դիտել տուաւ, որ նման նախաձեռնութիւններու ետին կայ ազգային ու նուիրական դաստիարակութիւնը: Ըստ անոր, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար նախատեսուած այս սենեակներուն մէջ պիտի կազմաւորուին հազարաւոր փոքրիկներ, երիտասարդներ առիթ պիտի ունենան կազմաւորուելու ազգային գաղափարաբանութեամբ բաբախուն մթնոլորտի մէջ:
Իր խօսքի աւարտին ան հաստատեց, որ «Ազդակ»-ը լծուած է համայն հայութեան ծառայութեան, որուն համար սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց` մաղթելով, որ անիկա կը շարունակէ իր անշեղ ուղին եւ առաքելութիւնը:
«Ազդակ»