Վատիկան Այցելութեան Ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դարձաւ Վեհափառ Հայրապետի Օրակարգին Գլխաւոր Հարցերէն Մէկը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/1512380_10152584609658714_1555550172448899592_n.jpg)
Վատիկան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս յաճախակի առիթներով անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցին:
Նախ եւ առաջ վեհափառը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին խօսեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ իր ունեցած առանձին հանդիպման ընթացքին, ինչպէս նաեւ անոր ուղղած իր հրապարակային պաշտօնական խօսքին մէջ` առաջարկելով, որ այս առիթով պապը իր զօրակցութիւնը յայտնէ հայ ժողովուրդին:
Հայ դատը իր այլազան երեսներով լայն տեղ գրաւեց Վատիկանի պաշտօնաթերթին, պատկերասփիւռին եւ լրագրողներուն հետ Արամ Ա. կաթողիկոսի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Պաշտօնական այցելութեան աւարտին, վեհափառին ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը Հռոմի
«Կրանտ Փլազա» պանդոկին մէջ: Ներկայ էին սրբազան հայրերու կողքին գաղութներէն ժամանած ազգայինները, որոնց ներկայութեան վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց:
Վեհափառը կարեւորութեամբ ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը համահայկական տարողութեամբ արժեւորելու հրամայականը:
Իր պատգամի աւարտին, վեհափառը գոհունակութիւն յայտնեց, որ երկու կաթողիկոսութիւնները միասնաբար ձեռնարկած են հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան, եւ կոչ ուղղեց մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն մասնակից դառնալու եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան:
Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով ու վեհափառ հայրապետին պահպանիչով:
«Ազդակ»