«Քեսապի համար» համերգը միացուց Ուրուկուահայութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/10299919_1418536018433466_7536522728622050561_n.jpg)
Տասնամեակներու վրայ երկարող Ուրուկուահայերու անմիաբանութիւնը պատմութեան մութ էջերու մէջ մնաց, երբ բոլորս միացանք՝ Քէսապի մեր քոյրերու և եղբայրներու վիշտը կիսելու համար, համագաղութային համերգով մը պատգամ փոխանցելու, մեր դարաւոր ոսոխին ըսելու համար, թէ մենք չ՜ենք մոռցած, ո՜չ Քէսապի, ո՜չ Հալէպի և ո՜չ ալ Սուրիահայերու այս դժնթակ օրերու աղիտալի վիճակը։
Ուս- ուսի տուած մեր գաղութի բոլոր կազմակերպութիւնները և երեք յարանուանութիւնները ի մի գալով, յաջողցուցին զօրակցական համերգ մը՝ յիշեցնելու մեր թշնամիին, որ չէ քնացած և կը շարունակէ մութի մէջ դաւեր լարել հայութեան դէմ, թէ մենք փաստը կու տանք, որ կ՛ապրինք և յառաջ կ՛երթանք, ըսելու թուրքին և իր բարեկամներուն, որ ձեր արիւնոտ ձեռքերու դիմաց մենք հոս ենք, պիտի արարենք, ձեր կործանարար կենցաղին պիտի պատասխանենք մեր հայու հանճարով, մեր շինարար տաղանդով՝ կրկին անգամ փաստելով, որ հայու ոգին արթուն է ,կա՜յ ու կը գոյատևէ։
Այս մթնոլորտն ու շունչը կը թևածեր Մօնթէվիտէոյի Մշակութային Սրահին մէջ, ուր Կիրակի, 8- ը Յունիսին, աննկարագրելի տեսք հագած էր, ոչ միայն տեղ չկար այդ հսկայ սրահին մէջ, այլև բազմաթիւ հայրենակիցներ համերգին հետևեցան ոտքի։
Բեմի վրայ կը տողանցէին երգչախումբեր, պարախումբեր, մեներգիչներ, երաժիշտներ, բոլորը այնպիսի ոգևորութեամբ, յուզումով և հպարտութեամբ կը կատարէին իրենց դերերը, որ հանդիսատեսին տրամադրութիւնը բարձրացուցին այն աստիճանին, ուր բոլորս զգացինք, թէ հզօր ենք, աննկուն ենք, երբ միասին ենք, յատկապէս համահայկական կացութեան մը դիմաց, ինչպիսին է այսօր Քէսապի, Հալէպի և ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան անբնական և անմխիթար վիճակը և անոնց զօրակցելու հրամայականը։
Համերգի ընթացքին սկիզբ առաւ սրտաբուխ նուիրատւութիւն, որ յառաջիկայ մի քանի օրերուն պիտի շարունակուի։
Հոգեհարազատ և յուզիչ խօսքով հանդէս եկաւ Քէսապցի մեր սրբազան առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ արք. Գըլնճեանը, որ ի միջի այլոց ըսաւ «Երբ ամբողջ հայութիւնը միացած կը պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման միջոցառումներուն, թուրքերը մտածեցին մեզի տալ շատ կարևոր «նուէր» մը, որպէսզի երբէք չմոռնանք և յաջողցուցին յարցակումն ու գրաւումը Քէսապի, երբ անոր խաղաղ բնակչութիւնը տակաւին կը քնանար։ Այսօր ալ Հալէպի հայկական թաղերն են որ թիրախ դարձած են Թուրքիոյ և Արաբական Ծոցի կարգ մը երկիրներու աջակցութիւնը վայելող, ոչ սուրիացի, այսպէս կոչուած ապստամբներու, այլ ծայրահեղական ահաբեկիչներու, որոնք իբրև թէ ժողովրդավարութեան անունով կը կռուին, այն ժողովրավարութեան որ իրենց օժանթակող երկիրներու մէջ գոյութիւն չունի։ Լուրերը որ կ՛ստանանք, ոչ միայն միակողմանի են, այլև սուտերով շաղախուած։ Մենք, իբրև հայեր, տասնամեակներ ամբողջ արաբ բարեկամ երկիրներու և յատկապէս Սուրիոյ իսլամ մեր եղբայրներու հետ խաղաղութեամբ ապրած ենք և ոչ մէկ տեսակի խնդիր կամ հարց ունեցած ենք իրենց հետ, այդ կռուողները կապ չունին իսլամի հետ, անոնք վարձկան ահաբեկիչներ են»- ըսաւ սրբազանը։
Այս զօրակցական համերգը իր աւարտին հասաւ, երբ բոլոր մասնակից խումբերը և հանդիսակաները, յոտնկայս և արցունքոտ աչքերով երգեցին «Երևան-Էրէբունի» խմբերգը, որ քայլերգի հնչողականութեամբ կատարուեցաւ։
Կարօ Հէքիմեան
Մօնթէվիտէօ, Ուրուկուայ