Արձագանգե՛նք սուրիահայ աղէտահար մեր հայրենակիցներու փրկութեան կոչին

Հալէպի հայաբնակ թաղերուն դէմ վերջին օրերու ընթացքին սանձազերծուած հրթիռարձակումները, պայթումները եւ ծանրագոյն լարուած պատերազմական վիճակը, ահաւոր աղէտահար իրավիճակի մատնած են Հալէպահայութիւնը, որ լուռ հաստատակամութեամբ եւ տոկունութեամբ կը դիմադրէ կացութեան:

Հալէպէն հասնող լուրերը մեր առջեւ կը պարզեն ծանր վիճակ, ուր հետզհետէ սաստակցող հրթիռակոծութիւններուն հետեւանքով անճանաչելի դարձած են թաղերը, քարուքանդ եղած են փողոցներն ու բնակարանները, վնասուած են ազգապատկան շէնքերը, եկեղեցիները, դպրոցները:

Տառապող մեր հայրենակիցներու աղաղակող ճիչը լուրջ պարտականութեան առջեւ կը բերէ բոլորս, շտապ քայլերու դիմելու եւ մեր բոլոր ուժերը լարելու՝ ճնշում բանեցնելով միջազգային եւ տեղական քաղաքական շրջանակներուն մօտ, որպէսզի ժամ առաջ դադրին հակահայ սադրանքները:

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն, կը դատապարտէ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն դէմ շարունակուող յարձակումները եւ կոչ կ’ուղղէ յունական պետական շրջանակներուն, բուռն կերպով դատապարտելու յարձակումները եւ Թուրքիոյ բացայայտուած դերակատարութիւնը, քրիստոնեայ ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած բիրտ յարձակումներուն գծով, մանաւանդ նկատի առած Եւրոպական Միութեան նախագահող Յունաստանի պետութեան պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:

Միաժամանակ, կոչ կ’ուղղենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն, համախմբուելու եւ բարոյապէս ու նիւթապէս զօրակցելու՝ խորապէս տառապող սուրիահայութեան կարիքներուն:

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի 
Կեդրոնական Կոմիտէ

Scroll Up