Շնորհակալիք՝ Քեսապէն Ու Քեսապահայերէն

Քեսապի ու քեսապահայութեան տագնապը տակաւին կը շարունակէ խոցել հայութեան արդէն իսկ վիրաւոր սիրտը: Քեսապահայերը, որոնք մեծ մասամբ ապաստան գտած են Լաթաքիա ծովափնեայ քաղաքին մէջ, տակաւին կը շարունակեն ապրիլ այն փորձառութիւնը, որ տեղահանութեան ու անարդարութեան դառն իրականութիւնն է: Անմխիթար է մեր ժողովուրդը ու կարօտ իր հողին ու ջուրին, տուն-տեղին, ոգիին ու աւիշին:
Վագըֆ փոխադրուած կամ ինչ-ինչ պատճառներով այնտեղ տարուած քեսապահայ 24 անձերը, որոնց մեծ մասը տարեց սերունդին կը պատկանի, թէեւ գտնուելով Կասիոս լերան միւս կողմը, սակայն միանալ ուզելով իրենց համագիւղացիներուն՝ փափաք յայտնեցին իրենց հարազատներուն մօտ երթալու՝ գուցէ աշխարհագրականօրէն հեռանալով Քեսապէն դէպի Լաթաքիա եւ Լիբանան: Վագըֆի մէջ ապաստան գտած քեսապահայերը, առաջին օրէն իսկ արժանացան ջերմ ընդունելութեան տեղւոյն հայ համայնքի անդամներուն կողմէ, որոնցմէ շատերը արդէն իսկ ծանօթ էին Քեսապին ու քեսապցիներուն: Վագըֆի պատուական հայորդիները իրենց կարելին ըրին, որպէսզի Քեսապէն տեղահանուած ժողովուրդը նուազագոյնը ապահով զգայ հայ ընտանիքներու մէջ ըլլալով:
Վագըֆի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխականները՝ առաջնորդութեամբ հոգաբարձութեան, հոգացին իւրաքանչիւր քեսապահայու կարիքները՝ տարրականէն սկսեալ մինչեւ բժշկական հոգատարութիւն եւ նիւթական օգնութիւն: Միւս կողմէ, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը, լսելով քեսապահայերու ներկայութիւնը Վագըֆ գիւղ, անմիջապէս գործի անցնելով՝ հայեցի, մարդկային ու քրիստոնէական զգացումով փութաց օգնութեան: Առաջին իսկ առիթով, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան այցելեցին Վագըֆ, անձնապէս նեցուկ կանգնելու համար մեր հայորդիներուն ու յայտնելով Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայորդիներուն սէրը, յարգանքն ու կարեկցութիւնը անոնց նկատմամբ:
Ապրիլ 30, 2014ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Պոլիսէն ժամանած Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեանի հետ, որ անձնապէս այցելած էր Վագըֆի մէջ ապաստան գտած քեսապահայերուն: Երեկոն իսկապէս աննախընթաց էր ու յուզիչ: Արեւմտեան ափերուն վրայ ապրող քեսապցիները, մտահոգ իրենց հարազատներով՝ «խապրիկ» մը ստանալու տենչով ներկայ էին սոյն հանդիպումին, որ վերածուեցաւ հարազատ զրոյցի ու անկեղծ խօսակցութեան:
Հայր Թաթուլի աչքերուն մէջ տակաւին կը թարգմանուէին Քեսապէն Վագըֆ տարուած հայորդիներու ապրումները եւ դառն փորձառութիւնը, որոնք ներկաներուն համար այնքա՜ն իրական զգացումներ էին, առաւել քան մամուլի կամ հեռաձայնի դրութեամբ ստացուած լուրերը: Հայր Թաթուլը ներկայացուց Գարեգին քհնյ. Պետուրեան՝ Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը. անոնք իրարու ծանօթ էին դպրեվանքեան տարիներէն:
Հայր սուրբը հանգամանօրէն ներկայացուց Վագըֆ գտնուող քեսապահայերուն իրավիճակը մինչեւ այդ օրը՝ անդրադառնալով բոլոր մանրամասնութեանց, մարտահրաւէրներուն, անոնց առողջական իրավիճակին, հոգեկան ու զգացական դժուարութիւններուն, կատարուած օգնութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներուն: Ապա առիթ տրուեցաւ ներկաներուն իրենց հարցումներն ու մտահոգութիւնները ուղղելու հայր սուրբին:
Հանդիպման աւարտին, վարչութեան ատենապետուհի Եսթէր Թոկնոզի, Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան կողմէ հայր սուրբին յանձնեց Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան հարիւրամեակին առթիւ լոյս տեսած հատորը:
Այսօրուան տուեալներով, Վագըֆ տարուած քեսապահայերէն 20ը արդէն իսկ Լիբանան կը գտնուի, ապահով ու առողջ վիճակի մէջ, (անոնց հետ մինչեւ Լիբանանի օդակայան ուղեկցած էին Պոլիսէն ու Վագըֆէն նուիրեալներ), իսկ մնացեալ 4 ապաստանեալներուն համար եւս յատուկ դասաւորումներ կը կատարուին:
Եսթէր Չելեպեան-Թոկնոզի
Այս առթիւ, յանուն քեսապահայութեան, կու գանք մեր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին, որ նաեւ միջոցը գտաւ ու դասաւորումներ կատարեց Վագըֆի մէջ ապաստանած քեսապցիները Թուրքիայէն Լիբանան փոխադրելու, ինչպէս նաեւ՝ պոլսահայութեան եւ ի մասնաւորի Վագըֆի ժողովուրդին՝ իրենց ընդունելութեան, քրիստոնէական ու հայեցի ոգիին ու գործնական օգնութեան համար, որոնք նաեւ մինչեւ այսօր կը շարունակուին մնացեալ 6 քեսապահայերուն նկատմամբ: