Հայ Դատի Յանձնախումբը Արցախի Ապագան Կը Քննէ Ուորլիքի Հետ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Հինգշաբթի, Մայիս 1ի երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի հետ, Արցախի ապագային նկատմամբ իրենց կարծիքներն ու ակնկալութիւնները փոխանցելու դեսպանին:
Հանդիպումը մաս կը կազմէր Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Ուորլիքի Լոս Անճելըս այցելութեան, որուն նպատակն էր Արցախի հարցին արդար լուծում մը գտնելու գծով շրջանի հայութեան դիրքորոշումը յստակօրէն փոխանցել Ուորլիքին:
Հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի յանձնախումբը շեշտած է, թէ Արցախի տագնապին արդար լուծումը յոյժ կարեւոր է համայնքին համար՝ աւելցնելով, թէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամբողջական եւ միջազգային ճանաչում պէտք է ապահովուի: Շեշտուած է, թէ Արցախի բանակցութեանց իր մասնակցութիւնը պէտք է բերէ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ տագնապին ամբողջական լուծում մը գտնել:
Քննուած է նաեւ Արցախի մէջ քաղաքացիական օդակայանի մը գործունէութեան ապահովումը եւ կոչ եղած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, որ պաշտօնատարներ ուղարկէ Արցախ՝ մօտէն ծանօթանալու համար շրջանին մէջ իրականացուած ժողովրդավարական բարեկագումներուն: Պահանջուած է նաեւ, որ Ուաշինկթըն յստակացնէ, թէ շաբաթական զինադադարի աւելի քան 300 խախտումներուն պատասխանատուն Ատրպէյճանն է, ինչպէս նաեւ քննադատուած է Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ շարունակուող սպառնական եւ յարձակողապաշտ յայտարարութիւնները, որոնց դէմ սովորաբար լուռ կը մնայ Ուաշինկթըն:
Իր կարգին, Ուորլիք խոստացած է իր կարելին ընել տագնապին արդար եւ խաղաղ լուծում մը գտնելու համար՝ Մինսկի խմբակը լաւագոյն գործիքը նկատելով այդ նպատակին հասնելու:
Ուորլիք աւելի ուշ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութեանց հետ, որոնց շարքին էին նաեւ ՀԵԴ եւ ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութիւնը: Ապա, հանրային հաւաք մը տեղի ունեցած է՝ հիւրընկալութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայ մշակութային հիմնարկութեան կեդրոնատեղիին մէջ, որուն բացումը կատարած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան: Հոն ներկայ էին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի փոխհիւպատոս Արտակ Գալստեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ, ՌԱԿ, ՍԴՀԿ կուսակցութիւններուն, Ամերիկայի հայկական խորհուրդի, ՀԵԴի, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան, ՀՕՄի, Հայ իրաւաբանական միութեան ու Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտանակններու ընկերակցութեան ներկայացուցիչները:
Մայիս 2ի առաւօտեան, Ուորլիք նաեւ Փիլիպոս Ազգ. վարժարանը այցելած է, իսկ աւելի ուշ՝ Ազգ. առաջնորդարան:
«Ուրախ ենք, որ Ուորլիք առիթն ունեցաւ Լոս Անճելըսի շրջան այցելելով՝ լսելու մեր համայնքին մտահոգութիւնները: Կոչ կ՛ընենք իրեն ու Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, որ աւելի լուրջ քայլերու դիմեն՝ երաշխաւորելու համար Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն ապահովութիւնը, Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քայլերէն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան: