Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ. Յատուկ Պաշտամունք` Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակին

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Հովուական ժողովին, հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ պաշտամունք` ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, մասնակցութեամբ հաւատացեալ բազմութեան եւ առաջնորդութեամբ հովիւներու ու ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի:
Օրուան յատուկ պատգամը փոխանցեց Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ներսէս Պալապանեան: