Ապրիլեան Նահատակաց Ոգեկոչում «Պատկեր» Կեդրոնին Մէջ. Յետցեղասպանութեան Լիբանանեւհայկական Համակեցութեան Փորձառութիւնը Լիբանանցիներու Վկայութեամբ

«Հայ մշակոյթի ժառանգութեան տուն»` «Պատկեր» կեդրոնի նախաձեռնած ապրիլեան ոգեկոչումի միամսեայ ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ուշագրաւ ու շահեկան ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ, ներկայութեամբ հայ եւ օտար հիւրերու եւ «Պատկեր» կեդրոնի բարեկամներուն: «Պատկեր»-ի տնօրէն Արփի Մանկասարեան իր անգլերէն ու արաբերէն բացման խօսքով ներկայացուց օրուան յայտագիրին գլխաւոր նիւթերը, որմէ ետք «Զետեղման արուեստ»-ի (ինսթոլէյշըն արթ) ծանօթ դէմքերէն հոգեբան արուեստագէտ Անիթա Թութիկեան անգլերէնով ներկայացուց իր մեծ մօր` Հռիփսիմէ Սարգիսեանի (ծանօթ` փայլուն թել-Սըրմա անունով) կեանքին ու յատկապէս յետեղեռնեան ու 1938-ի Տերսիմի ջարդերուն առնչուող օրհասական պայմաններէն տեսարաններ: Սահիկներու օգնութեամբ Թութիկեան բացատրեց մինչեւ օրս գրաւեալ հայկական հողերուն վրայ իրենց գոյութիւնը քարշ տուող հայ մնացորդացի ու յատկապէս հայութեան ինքնութիւնը բնորոշող կոթողներու եւ եկեղեցիներու փլատակներ, զորս նոյնիսկ փլատակ վիճակի մէջ քանդած է թուրքը` փորձելով այդ շրջաններէն հայկականութեան հետքը յաւէտ վանել: Անիթա Թութիկեան ցոյց տուաւ ու բացատրեց իր մեծ մօր մօրը` Գոհար Պետոյեանի կրած տառապալից պայմանները Ցեղասպանութեան օրերուն: Ան ցոյց տուաւ օրինակ «կուլիկ» կոչուած կանաչ փրասայի նմանող բոյսը, որ միայն ցուրտ միջավայրի մէջ կը բուսնի եւ որուն շնորհիւ կրցած է իր մօր մեծ մայրը` Գոհար սնանիլ ու փրկուիլ ստոյգ սովամահութենէ: Ան յիշեց, թէ վերջերս Սիվրիհիսարի գերեզմանատան մէջ իր մեծ մօր շիրիմաքարին վրայ «անծանօթներ» խիստ ստորին հայհոյանք արձանագրած են անարգելով իր մեծ մայրը եւ սպառնալով նաեւ իրեն` Անիթայի կեանքին… Ձեռնարկի տեւողութեան մեղմօրէն կը հնչէր դոկտ. Անահիտ Տօնապետեանի քաղցր երգեցողութիւնը ջարդի ու տեղահանութեան պայմաններուն մասին:
Ապա խօսք առին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան երկարամեայ պատասխանատուներէն Ժոզեֆ Քահուաժի եւ քաղաքապետութեան ոստիկանապետ շէյխ Ամին Լութֆի: Քահուաժի պատմեց իր եւ իր հայ դրացիներուն եւ բարեկամներուն միջեւ տիրող եղբայրական սիրալիր մթնոլորտին մասին: Ան ըսաւ, թէ նուռը հայութեան խորհրդանիշ է իրենց մօտ: Նաեւ պատմեց դրուագներ` հայ եւ լիբանանեան բարեկամութեան ու փոխադարձ վստահութեան երեւոյթներէն: Նմանապէս, ոստիկանապետ Ամին Լութֆի պատմեց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու Պուրճ Համուտ տեղակայուած կարգ մը հայ ընտանիքներուն մասին: Ժոզեֆ Քահուաժի եւ Լութֆի Ամին խիստ բարձր գնահատեցին «Պատկեր»-ի տնօրէն Արփի Մանկասարեանի այս նախաձեռնութիւնը: Անոնք նաեւ պատմեցին թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայերէն սորված են: Անոնք երգեցին ու խօսեցան հայերէն` խիստ հաճելի մթնոլորտ ստեղծելով: Շէյխ Լութֆի Ամին իր հայ դրացի մամիկէն` «թեթա Կիւլիզար»-էն (Օհանեան) իրենց մնացած կարպետը որպէս յիշատակ նուիրեց «Պատկեր» կեդրոնին, «որովհետեւ կը հաւատամ, թէ ասոր տեղը հո՛ս է», ըսաւ ան: Ներկայացուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր ուր հայկական քանոնի վրայ նուագեց Մարիա Գալֆայեան-Պարտիզպանեան: Նմանապէս ուտի վրայ հայերէն, արաբերէն եւ իտալերէն երգերով ելոյթ ունեցաւ Յակոբ Աւագեան: Դաշնակի վրայ Մարիա-Լենա Գիսոյեան նուագեց Սպենդիարեանի «Ղայթարմա»-ն եւ Շոփենէն կտորներ: