Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առթիւ հոգեհանգիստ եւ բողոքի ցոյց Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ

Հայութեան պահանջատիրական ձայնը զօրաւոր հնչեց երէկ Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակին առիթով, հայոց մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ աշխարհի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերը:

Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններով եւ բողոքի ցոյցերով յատկանշուեցաւ օրը: Յունահայութիւնը միասնական ու վճռակամ միացաւ համահայկական ալիքին, որ նշեց թրքական պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեայ տարելիցը, իր երիտասարդ սերունդի պահանջատիրական կեցուածքով՝ յարմար պատասխանը տալով Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի կողմէ հնչած մշուշոտ յայտարարութեան, որ շատ հեռու էր իրական զղջումի արտայայտութիւն ըլլալէ: ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբը իր կարգին, յայտարարութիւն մը յղեց հելլէն մամուլին:

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ երէկ Հինգշաբթի 24 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7։30ին, տեղի ունեցաւ բողոքի պահանջատիրական երթը դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն, Նէա Զմիռնիի Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանի մօտ հոգեհանգիստէն անմիջապէս ետք:
Ցուցարարները ճամբայ ելան Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմայի հրապարակէն, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան տեղադրած նկարներու ցուցադրութեան տաղաւարին առջեւէն: Եռանդոտ էր ցոյցը, որ յառաջացաւ հայ երիտասարդներու եւ պատանիներու առաջնորդութեամբ, հսկայ ու երկար Եռագոյն դրօշակով, Քեսապի մասին յատկապէս պատրաստուած պաստառով, բազմաթիւ հայկական Եռագոյն եւ յունական Ազգային փոքր դրօշակներով ու պահանջատիրական լոզունգներ կրող մեծադիր պաստառներով:
Ցուցարարները լոզունգներ կրկնելով անցան հելլէն խորհրդարանի շէնքին առջեւէն ու յառաջացան դէպի Ռիղիլիս պողոտայի խաչմերուկ, պահ մը կանգ առնելով Ատըրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ եւ «Ղարաբաղը մերն է» լոզունգը վանկարկելով:

Թրքական դեսպանութիւն առաջնորդող ճամբան արգելափակուած էր զրահապատ ոստիկանական ինքնաշարժներով, պարզելով նոյն վիճակը որ կը դիմագրաւենք վերջին 
տարիներուն ընթացքին: Ցուցարարները կանգ առին խաչմերուկին վրայ եւ մոմերով կազմեցին 1500000 թիւը, յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը։
Տեղւոյն վրայ առիթը տրուեցաւ որպէսզի ցոյցի մասնակից յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններ հանդէս գան ողջոյնի խօսքերով։ Զօրակցական արտայայտութիւններով խօսքեր ուղղեցին՝ Յունաստանի մէջ ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս, Նոր Հանրապետութիւն քաղաքական կուսակցութեան երիտասարդական միութեան կողմէ Խարալամպոս Ցիանաքաս, ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան երիտասարդական միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ֆիլիփոս Թուրալիս, Յունաստանի համա-պոնտական միութեանց նախագահի ներկայացուցիչ Եորղոս Վարիթիմիատիս։ Ցոյցի լման տեւողութեան մասնակցեցան նաեւ Աթէնքի քաղաքապետութեան թեկնածու Նիքիթաս Գաքլամանիս, Կիպրացիներու երիտասարդական միութեան նախագահ Եանիս Խածիէլէֆթէրիու։
Այնուհետեւ սկսան բանակացութիւնները ոստիկանութեան հրամանատարներուն հետ, պահանջելով որ ճամբան բացուի եւ արտօնուի խաղաղ ցոյցի շարունակութիւնը մինչեւ թրքական դեսպանատան շէնքին առջեւ, Թուրքիոյ պետութեան ուղղուած յուշագիրը յանձնելու համար: Ոստիկանականութիւնը արտօնեց եռանդամ պատուիրակութեան մը անդամներուն միայն անցնիլ ու յառաջանալ։ Այսուհանդերձ, պատուիրակութեան ճամբան փակուեցաւ, նախքան դեսպանութիւն հասնիլը։ Պատուիրակութիւնը պնդեց թէ կþուզէ յառաջանալ եւ դեսպանութեան յանձնել թրքական պետութեան ուղղուած յուշագիրը։ Երկար տեւած բանակցութիւնները մնացին անարդիւնք. սպառնալիքներ ուղղուեցան պատուիրակութեան անդամներուն դէմ ու անգամ մը եւս կրկնուեցաւ վերջին տարինե- րու նոյն յանկերգը, թէ կարելի է միայն անկիւնի ծառին կամ դիմացի շէնքի պատին վրայ զետեղել յուշագիրը, ինչ որ խստօրէն մերժելի դարձաւ ցուցարարներուն կողմէ, ընկալուելով որպէս անարգանք՝ հայութեան հանդէպ, եւ յոյն քաղաքացիական իրաւունքներու ոտնակոխում:
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան անդամները մերժելով այս անարգական կեցուածքը իրենց բուռն դժգոհութիւնը եւ հակառակութիւնը յայտնեցին յոյն ոստիկանութեան կեցուածքին նկատմամբ։ Յայտնի էր թէ անգամ մը եւս թրքական պետութիւնը, իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեամբ, ոչ միայն փակ դռներով դիմաւորեց հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը, այլեւ՝ ստիպեց յունական կառավարութեան, որ արգելք հանդիսանայ հայ ցուցարարներու պահանջքին։
Ցուցարարները իրենց դիրքերը չլքեցին, այլ իրենց եռանդոտ երգերով եւ կրքոտ լոզունգներով պահանջատէր մնացին հայութեան արդար իրաւունքներուն վրայ:

Թեսաղոնիկէի մէջ

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի կազմակերպութեամբ երէկ Հինգշաբթի 24 Ապրիլի կէսօրուայ ժամերուն իրագործուեցաւ Թեսաղոնիկէի հիւպատոսարանին առջեւ բողոքի ցոյցը:
Ցուցարարները ճամբայ ելան Սելանիկի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հոգեհանգստեան պատարագէն ետք, ուղղուելով դէպի Թեսաղոնիկէի հիւպատոսարան: Պահանջատիրական լոզունգներ հնչեցին ցոյցի ամբողջ տեւողութեան, ապա երբ ցուցարարները հասան շէնքին առջեւ, ճամբայ տրուեցաւ պատուիրակութեան մը, որ մօտեցաւ հիւպատոսարանի դրան առջեւ, յուշագիրը յանձնելու համար։ Հայութեան պահանջքները ամփոփող գրութիւնը սակայն կարելի չեղաւ յանձնել։

http://www.azator.gr

abril 24 2014 selanig_25-4-14 abril 24 2014-tsouits 1_25-4-14 abril 24 2014-tsouits 4_25-4-14 abril 24 2014-tsouits 5_25-4-14

Scroll Up