Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց Միութիւնը Ուրացման Վերջ Տալու Կոչ Կ՛ընէ

Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց միութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան 99րդ ամեակին առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութեան վերջ տալու կոչ կը կատարուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի նախօրեակին, մօտաւորապէս երկու միլիոն հայեր կը բնակէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, սակայն Ցեղասպանութիւնն ու Թուրքիոյ հանրապետութեան շրջանի առաջին տարիներուն ի գործ դրուած քաղաքականութիւնը պատճառ դարձած են, որ ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայերուն թիւը նուազի 60,000ի:
Հոն նաեւ կը դատապարտուի հայերուն մշակոյթը ջնջելու նպատակով տարուած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ՝ հայերու հարստութեան իւրացումը: Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութիւնը կը շեշտէ, թէ Թուրքիոյ իշխանութեանց որդեգրած ուրացման քաղաքականութեան գլխաւոր պատճառը՝ այս գողութեան վնասուց հատուցումէն խուսափիլն է:
Յատկապէս կը քննադատուին թուրք «մտաւորական»ներու այն «ամօթալի» պնդումները, թէ Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է՝ «որովհետեւ հայերը արժանի էին անոր», եւ կը շեշտուի, թէ ուրացումը Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է:
«Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ քաղաքական ու դիւանագիտական բանակցութեանց նիւթ ըլլալու մակարդակին իջնէ ու դառնայ միջազգային յարաբերութեանց համար գործածուող գործիք: Պէտք չէ մոռցուի, որ Ցեղասպանութիւնը ամէն բանէ առաջ մարդկային իրաւանց լայնածաւալ ոտնակոխում մըն է, որ գործադրուած է (Թուրքիոյ) պետութեան կողմէ: Անիկա մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է: Ուրացումը եւս մարդկային իրաւանց ոտնակոխում է ու կրնայ դառնալ ապագայի մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու աղբիւր: Թուրքիոյ պետութիւնը պէտք է անսայ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ վնասուց հատուցում տրամադրելու կապակցութեամբ իրենց պապենական հողերէն արմատախիլ եղած հայերու կոչերուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

asbarez.com

Scroll Up