Ս. Զատիկը՝ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/10262247_307399036078775_2443075947887462930_n.jpg)
Հովանաւորութեամբ՝ Ճէզիրէի փոխանորդական առաջնորդ Տ. Սիփան Ծ.Վրդ. Քեչէճեանի, կիրակի, 20 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Լեցուն էր Ս. Յակոբ եկեղեցին խուռներամ հաւատացեալներով, որոնք եկած էին հաղորդուելու Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեամբ:
Նշենք, որ Գամիշլի քաղաքը կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան կողմը (սահմանակից Թուրքիոյ), եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ընթացքին Գամիշլի համեմատաբար առաւել ապահով է քան Սուրիոյ այլ քաղաքներ:
Այս մասին կը յայտնէ PERIO NEWS-ի Facebook-եան էջը: