«Կոմիտաս – Յաւերժի Ճամփորդ» թատերախաղը Ամմանի մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/Untitled7.jpg)
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ «Կոմիտաս – Յաւերժի Ճամփորդ» թատերախաղը հայրենի մեծանուն արուեստի կատարողներու կողմէ իր փառահեղ արձագանգը արձանագրեց Ամմանի հայրենակարօտ գաղութի մէջ:
Միջոցառումը, որը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան անգնահատելի ներդրումը հանդիսացաւ յորդանանահայ գաղութի հոգեպարար պահանջքին, տեղի ունեցաւ 24 Մարտ 2014-ի երեկոյեան, ԱՄՄ-ի Ալեք Մանուկեան շքեղ սրահին մէջ:
Միջոցառումը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Ամմանի Ազգային տեղական Իշխանութեան եւ կազմակերպուած էր գաղութի երեք ազգային միութեանց՝ ԱՄՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի վարչութեանց կողմէ:
ՀՀ սփիւռքի նախարար մեծարգոյ Տկն. Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ յորդանանահայ գաղութի համար նախամշակուած ծրագիրը 2014 թուի ապրիլ ամսուայ սեմին ինքնին իր ունեցած սիրոյ եւ յարգանքի ապացոյցն էր, որ բացայայտուեցաւ այս փառահեղ ելոյթով:
«Յաւերժի Ճամփորդ» թատերախաղը կ’արտացոլէր Կոմիտաս մարդու, Կոմիտաս երգահանի, հոգեւոր առաջնորդի, բանաստեղծի, հայրենասէրի դժբախտ կեանքի ողբերգական պահերը:
Թատերախաղի գործողութիւնները ծաւալուեցան Փարիզի Վիլ Ժուիֆ հոգեբուժարանի մէջ, որտեղ ծնուեցան իր յիշողութիւններն ու յուշերը: Կոմիտասին այցի եկան իր մտերիմներու, հարազատներու ու թշնամիներու երեւակայական կերպարները: Կոմիտասը հոգեբուժարանի մէջ մերթ ընդ մերթ կը յիշէր Ագջուբայ Պէյը եւ Խալիթա Հանըմը, որոնք կ’աշխատէին Կոմիտասին թրքական երաժշտական աշխարհին ծառայեցնելու, սակայն Կոմիտասը անդրդուելի կը մնար: Կոմիտասը 19 տարի լռեց, հրաժարուեցաւ ամէն ինչէ եւ փակուեցաւ իր հոգիի աշխարհին մէջ:
Ուրախալի է նշել, որ Յաւերժի Ճամփորդի սցենարի հեղինակը, Կոմիտասի դերակատարը կը հանդիսանար ՀՀ վաստակաւոր արտիստ, «Կոմիտաս» մետալակիր Սարգիս Նաճարեանը:
Օրուայ թատրերգութեանը իրենց եզակի դերը բերին Հայրենիքէն «Ծաղկազարդ» Համախումբի երգչուհիներ Ռոզա Յովսէփեանը, Վարդուհի Թորոյեանը (վոկալ եւ դաշնամուր), Մարիամ Յովհաննէսեանը եւ գեղարուեստական ղեկավար, միջազգային մրցոյթի դափնեկիր Լիլիթ Գրիգորեանը:
Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ գաղութի կարկառուն դէմքերէն, մտաւորական, ԱՄՄ-ի վարչ. անդամ Ընկ-հի Մարալ Ներսէսեանը:
Ընկ-հի Ներսէսեանը իր կատարած բացման խօսքէն ետք, իր բացառիկ կարողութեամբը ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սիամանթօի աղօթքը»:
Իսկ փակման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգ. առաջնորդարանի քարտուղար, ԱՄՄ-ի Ատենապետ Ընկ. Ներսէս Ներսէսեանը:
Ընկ. Ներսէսեանը բոլոր ներկաներու կողմէ երախտագիտական արտայայտութիւնները կատարեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեանը՝ յորդանանահայութեան համար իրենց կազմակերպած այս փառաշուք գաղափարին համար:
Ընկ. Ներսէսեանը իր դրուատինքի խօսքերը ըրաւ ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Սարգիս Նաճարեանին եւ «Ծաղկազարդ» համախումբ երգչախմբի անդամներուն, որոնք շքեղացուցին եւ փառաւորեցին յորդանանահայ գաղութին նուիրուած այս միջոցառումը, ինչպէս եւ մաղթեց, որ երգչախումբը բարի արագիլի նման ճախրէ գաղութէ գաղութ եւ երկրէ երկիր եւ հայ երգով ու երաժշտութեամբ ծաղկեցնէ Սփիւռքի բոլոր տարածքները:
Ներսէս Ներսէսեան, Ամման, Յոորդանան