Աւելի Քան 350 Հոգի Մասնակցեցաւ Սաքրամենթոյի Հայ Դատի Օրուան
Երկուշաբթի, Ապրիլ 7ին, տարբեր տարիքի աւելի քան 350 Հայ Դատի գործիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ՝ Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ կայացած հանդիպումներու եւ ձեռնարկներու շարքին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցը ոգեկոչելու եւ Հայ Դատին ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու նպատակով: Արդէն 7րդ տարին ըլլալով կազմակերպուող այս նախաձեռնութեան մասնակիցներուն թիւը այս տարի նոր մրցանիշ մը հաստատեց՝ ի մի բերելով նահանգի զանազան շրջաններէն հայեր, ներառեալ՝ աշակերտներ հետեւեալ վարժարաններէն՝ «Փիլիպոս», «Ֆերահեան», «Մեսրոպեան», «Քէյեան» եւ «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական», ինչպէս նաեւ՝ Սան Մարինոյի պետական երկրորդական վարժարանի 12րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ, առաջնորդութեամբ իրենց պատմութեան ուսուցիչ Փիթըր Փաքոնի:
Ներկայ էին նաեւ ՀՕՄի, ՀԵԴի, Սպասարկութեան մարզի աշխատաւորներու միջազգային միութեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի դաստիարակչական ու Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ:
Խումբը նախ նահանգային խորհրդարանի շէնքին առջեւ հաւաքուեցաւ եւ լուսանկարուելէ ետք՝ երգեց «Մեր Հայրենիք» քայլերգը, ապա Հայ Դատի պատուիրակութիւն մը՝ առաջնորդութեամբ ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեանի, անջատ հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզի, Ծերակոյտի նախագահի պաշտօնակատար Քեւըն տը Լէոնի, խորհրդարանի անդամներ Խաչօ Աշաճեանի, Մայք Կաթոյի, Ատրին Նազարեանի եւ Սքաթ Ուիլքի հետ, քննելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման, Արցախի անկախութեան ճանաչման, Քեսապէն տեղահանուած հայութեան եւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն, ներառեալ՝ Հայ Դատի «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» արշաւին, առնչուող մանրամասնութիւնները:
Միաժամանակ, գործիչներու փոքր խումբեր հանդիպումներու շարք մը ունեցան նահանգային խորհրդարանի անդամներու, ծերակուտականներու կամ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, քն-նելով հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր:
Օրուան գլխաւոր իրադարձութիւնն էր Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերու ներկայացումն ու միաձայնութեամբ վաւերացումը խորհրդարանին ու Ծերակոյտին մէջ, որուն շնորհիւ՝ Ապրիլ 7-11 շաբաթը կը հռչակուի «1915-1923ի Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման շաբաթ»:
Յատկանշական էր, որ այս տարի բանաձեւերը ներկայացուած էին խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի նախագահներուն՝ Փերեզի եւ տը Լէոնի կողմէ, որոնք բանաձեւերը ներկայացնելէ առաջ՝ զգացական ելոյթներ ունեցան: Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունցեան նաեւ խորհրդարանի Սեւամորթներու, Սպանախօսներու եւ Հրէական համախմբումներու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ ելոյթներ ունեցան Աշաճեան, Նազարեան, Կաթօ, Ուիլք, Մարք Լեւին եւ ծերակուտականներ Թամ Պերիհիլ, Քերըլ Լուի, Ճիմ Նիլսըն եւ Մարք Ուիլընտ: Ոմանք անդրադարաձան նաեւ Քեսապի իրադարձութեանց:
Ծերակոյտին առջեւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին խօսքը փոխանցեց Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեանը՝ խօսելով Ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ հօր մասին:
Կէսօրին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ ու խումբ մը խորհրդարանականներու եւ ծերակուտականներու հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն մը, որ կարծիքներու փոխանակման յաւելեալ առիթ մը հանդիսացաւ:
Այս խորհրդակցութեանց եւ ձեռնարկներուն զուգահեռ, նահանգային խորհրդարանի շէնքին մէջ կազմակերպուած էր նաեւ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութեան (Near East Relief), նկատի ունենալով, որ Հայ Դատը որոշած է աւելի քան մէկ միլիոն հայեր, ներառեալ 134,000 որբեր, փրկելու աշխատանքին մէջ այդ կազմակերպութեան ունեցած դերակատարութիւնը պատուելու միտող ձեռնարկներու շարք մը կազմակերպել՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Արմէն Կարապետեան յայտնեց, թէ այս նախաձեռնութիւնը իրականացնելու համար տարուած աշխատանքը աւելիով արդիւնաւորուած է, երբ մասնակիցներու դէմքերուն վրայ նկատուած է Հայ Դատի աշխատանքներուն մասնակցելու փափաք մը: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարուան նախաձեռնութեան կը մասնակցին աւելի մեծ թիւով հայորդիներ:
Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան յայտնեց, թէ Սաքրամենթոյի Հայ Դատի օրուան մասնակիցները միայն մէկ փոքր մասնիկը կը հանդիսանան Հայ Դատի համար պայքարող մեծ բանակին, սակայն հակառակ իրենց փորք թիւին, անոնք կրցած են իրենց ձայնը յստակօրէն լսելի դարձնել. բան մը, որ չեն կրնար ընել հսկայ գումարներ ծախսող հայութեան թշանամի՝ թուք եւ ատրպէյճանցի գործիչները:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան եզրակացուցած է՝ ըսելով. «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլորին՝ Հայ Դատի հետապնդման օրը կազմակերպելու նպաստած եւ հիւրընկալած օրէնսդիրներուն, կառավարական հարցերու յանձնախումբի անդամներուն, որոնք լաւապէս պատրաստեցին 350 մասնակիցները 75 օրէնսդիրներու հետ խորհրդակցութեան, եւ յատկապէս բոլո՛ր մասնակիցներուն՝ ծնողներուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն ու ամէն տարիքի գործիչներուն: Մեր ապագայ գործունէութեան յաջողութիւնը ապահովելու համար, հարկաւոր է մասնակցութեան եւ նուիրումի մակարդակը բարձր պահել, որպէսզի աւելիով հզօրացնենք մեր անսասան բանակը եւ հասնինք Հայ Դատի արդար լուծման»: