Հայոց ցեղասպանութեան100-րդ տարելիցին ընդառաջ՝ գեղարուեստական երեկոյ
Հովանաւորութեամբ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբի, գեղարուեստական երեկոյ տեղի ունեցաւ Շաբաթ 5 Ապրիլ 2014 երեկոյեան ժամը 8-ին, Նէա Զմիռնիի կեդրոնական հրապարակին վրայ «Ղալաքսիաս» մշակութային կեդրոնէն ներս:
Գեղեցիկ ու կոկիկ «Ղալաքսիաս» սրահը բերնէ բերան լեցուցած էին հայ եւ յոյն ներկաները, որոնք եկած էին անգամ մը եւս վայելելու հայկական մշակոյթին նուիրուած երեկոն եւ յարգանքի տուրք մատուցանելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Հանդիսութեան ներկայ էին Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթավրոս Ծուլաքիս եւ նախկին քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս, փոխ քաղաքապետներ Նորա Ղալանոփուլու, Մարինա Իաքովաքի, Քլերի Տելիեանի, Նէա Զմիռնիի մարմնամարզական միութեան նախագահ Փոլիտորաս Սիրիղոս, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Նասոս Աթանասիու, Տիմիթրիս Պիսալաս, Փանաեոթիս Ցիափիս, Իոանիս Տիմաքիս, Քաթերինա Քութեթէ, Աֆրոտիթի Մանծիու:
Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, Հ.Յ.Դ Կեդրոնական Կոմիտէն, ՀՀ դեսպանորդ Մինաս Մարտիկեան, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց ընկ. Ալիս Յարութիւնեան որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ՝ անդրադարձաւ հայութեան հանդէպ գործուած մեծ ոճիրին, որ ներկայիս կը շարունակուի Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեամբ եւ մինչեւ այսօր ցեղապաշտական իր դրսեւորումները կ’ունենայ, ինչպէս Քեսապի մէջ (խօսքը կարդալ առանձին):
Յաջորդաբար գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր՝ Սարօ Տէմիրճեանի երգի կատարումներով: Շնորհալի երգիչը մեկնաբանեց Կոմիտասի «Տըլէ Եաման», «Բարի առաքիլ», «Զինուորի մօր երգը», «Ատանա», «Ո՞ւր էիր Աստուած» եւ այլ սիրուած երգեր, որոնց շարքին նաեւ իր «Մամիկ» յօրինումը եւ Մատթէոս Զարիֆեանի «Հովոտ գիշեր»ը ու յոյն համբաւաւոր երգիչ Միմիս Փլեսասի ու Շարլ Ազնաւուրի յօրինումներէն սիրուած երգեր: Երգիչին ընկերացաւ եռանդամ նուագախումբ՝ դաշնակ՝ Գոսթաս Անատիոթիս, կիթառ՝ Գոսթաս Նիքոլոբուլոս, ջէլօ՝ Ֆոթինի Նիքոլոբուլու:
«Մամիկ» եւ «Անոնց համար որ ինկան» երգերուն ընթացքին մենապարեր կատարեցին Էտկար Էկեան, Թագուհի Տումանեան, որոնց համադրումը կատարած էր Համազգայինի տաղանդաւոր պարուսոյց Էտկար Էկեան:
«Ո՞ւր էիր Աստուած» եւ «Անոնց համար որ ինկան» երգերու բառերը հայերէնով արտասանեցին երկու պարմանուհիներ՝ Էլէնի Մայտոնի եւ Մարիանա Գույումճեան, թարգմանութեամբ Կիրակոս Մկրտիչեանի:
Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբի հրաւէրին ընդառաջած յոյն բարեկամները լարուած ուշադրութեամբ հետեւեցան նախագահի խօսքին եւ գործադրուած յայտագրին, յարգանքով ու յուզումով ունկնդրելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ներկայացումը եւ խանդավառութեամբ մասնակցելով յեղափոխական երգերու շարքին:
Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան հետ երկար տարիներէ ի վեր կը պահպանուին փոխադարձ համագործակցութեան սերտ կապերը, որ իրենց օգտաշատ արդիւնքը տուած են՝ ի նպաստ մեր գաղութին եւ Հայաստանին ու Արցախին: