Կոչ լիբանանահայութեան.Պուրճ Համուտէն Դէպի Պէյրութի Նահատակաց Հրապարակ Մոմերով Երթ

Սիրելի՛ հայորդի,

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինը կոչ կ՛ուղղէ լիբանանահայութեան, ազգային բարձր գիտակցութեամբ քալելու մոմերով Պուրճ Համուտէն դէպի Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ, ուր տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի համաժողովրդային ոգեկոչումը եւ պիտի նշուի 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակը:

Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս պիտի գայ հանրային կարծիքին դիմաց` վերահաստատելու Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը եւ վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակելու Հայ դատի պահանջատիրական երթը` ի խնդիր մեր վերջնական տեսլականի իրականացման:

Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին անխտի՛ր չորեքշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ, հայկական թաղամասերէն մոմերով ուղղուելու դէպի Նահատակաց հրապարակ, ուր երեկոյեան ժամը 9:00-ին տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման ձեռնարկը:

Մոմերը պիտի տրամադրուին հետեւեալ կեդրոններէն, երեկոյեան ժամը 6:30-էն սկսեալ`

  • Պուրճ Համուտի հրապարակ
  • «Շաղզոյեան» կեդրոն – Պուրճ Համուտ
  • «Արին» կեդրոն – Պուրճ Համուտ
  • «Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն – Պուրճ Համուտ
  • «ՔԱՀԼ» Ծերանոց – Պուրճ Համուտ
  • «Տխրունի» ակումբ – Խալիլ Պատաուի
  • Երկաթէ կամուրջ – Հաճըն
  • «Թէքէեան» կեդրոն – Ժըմմէյզի
  • «Աղբալեան» համալիր – Մըզհէր
  • «Տեմիրճեան» կեդրոն – Տըպպայէ

Պուրճ Համուտի եւ Պէյրութի հայորդիները քայլարշաւը կը սկսին իրենց տուներէն, իսկ մերձակայ այլ շրջաններու մասնակիցներու քայլարշաւի մեկնակէտ նկատի առնուած են Պուրճ Համուտի կառատուները: Փոխադրակառքեր պիտի տրամադրուին Նահատակաց հրապարակէն` վերադարձը ապահովելու համար:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

Scroll Up