Ցեղասպանութեան նուիրուած արուեստի գործերու ցուցահանդէս
Յառաջիկայ Ապրիլ 24-էն 27 Մոնաքոյի «Կրիմալտի» համալիրին մէջ, տարեկան միջազգային ցուցահանդէսի ծիրէն ներս, իր տեղը պիտի գրաւէ Հայաստանի տաղաւարը, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան։ Այս ցուցահանդէսին կը ցուցադրուին արուեստի եւ մշակոյթի բացառիկ գործեր։
Հայաստանի տաղաւարին բացումը պիտի կատարուի 2014 Ապրիլ 24ին՝ Ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման առիթով, ուր պիտի ներկայացուին Մեծ եղեռնին նուիրուած պաստառներ՝ Արշիլ Կորքիի, Լեւոն Թիւթիւնճեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Իվան Այվազովսքիի եւ Ժանսէմի գործերէն։
Եւրոպայի հայութիւնը հրաւիրուած է մասնակցելու այս ձեռնարկին, որպէսզի թէ՛ միջազգային հանրութիւնը եւ թէ մանաւա՛նդ թրքական կողմը՝ որ կը ներկայանայ իր տաղաւարով, անդրադառնան թէ Հայ դատը եւ հայկական պահանջատիրութիւնը այսօր առաւել քան երբեք այժմէական ու հրամայական են մեր ժողովուրդին համար։
«Նոր Յառաջ»