Ազգային Ժողովի Խումբ Մը Պատգամաւորներ Ժամանեցին Սուրիա
Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ` Սամուէլ Ֆարմանեան, Արման Սահակեան, Նայիրա Կարապետեան, Թեւան Պօղոսեան, Էդմոն Մարուքեան եւ Լեւոն Մարտիրոսեան ժամանած են Սուրիա:
Նշենք, որ Հայաստան վերադառնալէ ետք անոնք Ազգային ժողովին պիտի ներկայացնեն իրավիճակը:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովի նիստի յայտարարութիւններուն ատեն իր դժգոհութիւնը յայտնեց Սուրիա մեկնած պատգամաւորական պատուիրակութեան կազմէն: Ան նշեց, որ ուրախ է, որ Սուրիա գացած են խումբ մը պատգամաւորներ, սակայն ուրախ չէ անոր համար, որ Սուրիա գացած է միակուսակցական ձեւաչափով պատուիրակութիւն մը:
Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է այն իրողութեան, որ պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդդիմադիր գործիչներ ընդգրկուած չեն:
«Փառք Աստուծոյ, Հայաստանի խորհրդարանը միակուսակցական չէ, եւ շատ աւելի ճշգրիտ ու ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ պատուիրակութեան կազմին մաս կազմէին նաեւ այլ քաղաքական խմբակցութիւններէ ներկայացուցիչներ : Քաղաքական մեծամասնութիւնը անընդհատ կը խօսի երկխօսութեան կարեւորութեան մասին, սակայն անտեսել միւս կուսակցութիւնները, կը կարծեմ` ճիշդ չէ: Ճիշդ հասկցէք, մենք խնդիր չունինք, քանի որ Դաշնակցութիւնը նաեւ Սուրիոյ մէջ կը փորձէ պաշտպանել հայութեան այդ հատուածի գոյապահպանման խնդիրները, սակայն այսպիսի աշխատաոճ մեզի համար ընդունելի չէ», շեշտած է Աղուան Վարդանեան:
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի աշխատակիցը «Ազդակ»-ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաղորդեց, որ հայրենի պատգամաւորները Պէյրութ հասնելէ ետք ուղղուած են Դամասկոս, որմէ ետք` Լաթաքիա:
Պատգամաւորներուն ընդունած են Սուրիոյ խորհրդարանի Լաթաքիոյ երեսփոխաններ, Լաթաքիոյ նահանգապետի ներկայացուցիչը, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեան: Ընդունելութենէն ետք պատգամաւորները ուղղուած են Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր հանդիպում ունեցած են Լաթաքիոյ եւ Քեսապի հոգեւոր հայրերուն հետ, ինչպէս նաեւ Քեսապէն Լաթաքիա ապաստանած գաղթական քեսապահայութեան հետ եւ մանրամասնօրէն ծանօթացած քեսապահայութեան հարցերուն: Հանդիպումներու ընթացքին սուրիական պատուիրակութեան նախագահը յայտնած է, որ քեսապցիները շուտով պիիտ վերադառնան իրենց տուները եւ ապրին խաղաղ վիճակի մէջ, տուժածները պիտի ստանան վնասուց հատուցում:
Հայրենի խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի սապար կանգնի քեսապահայութեան: