Հայ Դատի Ամառնային Վարժողական Ծրագիրի Դիմումներու Ժամկէտը՝ Մայիս 2

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2014ի ամառնային վարժողական ծրագիրի մասնակցողները պէտք է իրենց դիմումնագիրները ամբողջացնեն մինչեւ Մայիս 2:

Վարժողական ծրագիրին կրնան մասնակցիլ երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարանի աշակերտներ, համալսարանական ուսանողներ եւ նոր շրջանաւարտներ՝ 17էն 23 տարեկանի միջեւ:

Մասնակիցները մօտէն կը ծանօթանան ամերիկեան քաղաքական կեանքին՝ տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակներու վրայ, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն՝ յատկանշական փորձառութիւն ապահովելով ոչ շահաբեր կազմակերպութեան մը կառավարման, լրատուական, հեռահաղորդակցութեան, կրթական ու ձեռնարկներու կազմակերպման մարզերէն ներս:

Անհատական եւ խմբային աշխատանքներու կողքին, վարժողական ծրագիրի մասնակիցները կը հետեւին դաստիարակչական յատուկ ծրագիրի մը եւ աշխատանիստերու: Մասնակիցները պէտք է շաբաթական 30 ժամ տրամադրեն վարժողական ծրագիրին, ներառեալ՝ երեկոյեան ու շաբաթավերջի աշխատանքներու մասնակցութիւն:

Վարժողական ծրագիրը պիտի սկսի Մայիս 26ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 15: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել elen@ancawr.org հասցէին կամ (818) 500-1918 թիւին:

asbarez.com

Scroll Up