Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արցախէն Ժամանած Տաղանդաւոր Փոքրիկներ

Երէկ առաւօտ, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Արցախի նոր սերունդին պատկանող տաղանդաւոր պատանիներու ու փոքրիկներու խումբ մը` գլխաւորութեամբ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչներուն: Անոնք Լիբանան ժամանած էին մասնակցելու Արցախի մշակոյթի շաբթուան յայտագիրին:

Հիւր տղաքն ու աղջիկները գեղարուեստական փունջ մը հրամցուցին վեհափառ հայրապետին` իրենց նուագով, երգերով ու ասմունքով:

Վեհափառ հայրապետը նախ գնահատեց փոքրիկները եւ շեշտեց Արցախին կապուած ըլլալու հրամայականը: Ան ըսաւ, որ Արցախի հզօրացումն ու ծաղկումը համահայկական առաջնահերթութիւն մըն է, եւ իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է իր մասնակցութիւնը բերելու այս նուիրական գործին: Վեհափառ հայրապետը փոքրերուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, որ «դուք դեսպաններն էք Արցախի ժողովուրդի ոգիին, հաւատքին ու պայքարին»` խրախուսելով զանոնք, որ շարունակեն իրենց արուեստին ընդմէջէն իրենց ներդրումը ունենալ Արցախի առաւել ծաղկման ու բարգաւաճման:

http://www.aztagdaily.com/

Scroll Up