Ցեղասպանութեան նուիրուած նոր գիրք մը լոյս տեսած է

«Berghahn Books» հրատարակչատունէն անգլերէնով լոյս տեսած է այնքան սպասւած «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան դիւաններէն քաղուած փաստերը – 1915-1916» գիրքը, հեղինակութեամբ՝ Վոլֆկանկ Կուսթի։ Հատորը կ՚ընդգրկէ գերմանացի պաշտօնատարներու հարիւրաւոր հեռագիրները, նամակները, զեկոյցները, որոնք ահաւոր մանրամասնութիւններ կը բացայայտեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, անգամ մը եւս փաստելով երիտթուրքերու ցեղասպանական մտադրութիւնը եւ գերմանական կառավարութեան պաշտօնական մեղսակցութիւնը։

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up