Մանկավարժ-հայերէնագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու համար Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ դիմումնագիրներ ընդունիլ

Մանկավարժ-հայերէնագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու համար իր հաստատած կրթական ծրագիրին գործադրութեան ծիրին մէջ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ դիմումնագիրներ ընդունիլ սփիւռքի ամբողջ տարածքէն: Ենթակաները իրենց բնակած երկրին մէջ նախ պիտի հետեւին մանկավարժական (education & teaching diploma) դասընթացքներուն` ստանալով Պսակաւոր արուեստից վկայական (BA), որմէ ետք Հայաստանի մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը` մասնագիտանալով Հայերէնագիտական մարզի մէջ:
Ուսումնառութեան շրջանը աւարտելէ ետք ենթական պարտի առնուազն եօթը տարի դասաւանդել իր մասնագիտութեան համաձայն հայերէն լեզու եւ գրականութիւն կամ հայոց պատմութիւն, մեր կողմէ նշուած հայկական վարժարանի մը մէջ:
Ուսումնառութեան ամբողջական ծախսերը կը ստանձնէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը:
Դիմումնագիրները Համազգայինի գրասենեակ կարելի է ուղարկել central@hamazkayin.com հասցէին:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կապ հաստատել Համազգայինի կեդրոնական գրասենեակ (Պէյրութ)` նոյն ե-նամակի հասցէով կամ հեռաձայնել 00961-4-715684 թիւին եւ կամ դիմել դիմատետրի (FB) Hamazkayin Central հասցէին:
www.aztagdaily.com