Ճան Պիլեզիքճեան Յունուար 12ին Ելոյթ Պիտի Ունենայ Ալթատինայի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/12/0000Bilezikjian-300x284.jpg)
Ուտի յայտնի վարպետ Ճան Պիլեզիքճեան յառաջիկայ Յունուար 12ին, կ.ե. ժամ 3ին ելոյթ պիտի ունենայ Ալթատինայի «Քաֆի Կելըրի»ի սրահին մէջ (2029 N. Lake, Altadena, CA, 91001), ընկերակցութեամբ երգչուհի Հելէն Պիլեզիքճեանի:
Սպանիոյ թագաւորին ու թագուհիին, նաեւ Եգիպտոսի նախագահի կնոջ համար ելոյթներ տուած Ճան Պիլեզիքճեան, նաեւ 80է աւելի պատկերասփիւռի յայտագիրներու եւ շարժապատկերներու երաժշտութիւն կատարած է ու արտադրած աւելի քան 25 ալպոմներ: Ան նաեւ ելոյթ ունեցած է Լոս Անճելըսի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, Լոս Անճելըսի մանտոլինի եւ «Փըսիֆիք Փելըսէյծ» նուագախումբերուն հետ, իսկ հռչակաւոր «Պոսթըն Փափս» նուագախումբին հետ նուագած է իբրեւ ուտի մենակատար: Ան նաեւ իբրեւ պուզուքիի մենակատար ելոյթ ունեցած է «Փասատինա Փափս» նուագախումբին հետ:
Յունուար 12ի ելոյթի տոմսերուն արժէքը 20 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (626) 798-6236 թիւին, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ www.coffeegallery.com/showsat.htm կայքէջին: