Սօս Սարգսեանի Նուիրուած Յիշատակի Երեկոներու Ծիրին Մէջ. «Եռանկիւնի» Շարժապատկերի Ցուցադրութիւն

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած` հայրենի վաստակաշատ դերասան Սօս Սարգսեանի նուիրուած յիշատակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ հանրածանօթ «Եռանկիւնի» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը` Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:

Յակոբ Գառնեշեան

Յակոբ Գառնեշեան

Փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեան

Փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեան

Բացման խօսքով Յակոբ Գառնեշեան ներկայացուց փրոֆ. Դաւիթ Մուրատեանի կենսագրական գիծերը: Ան ծնած է 1951 թուականին` Երեւան, Խարբերդէն ներգաղթած ընտանիքի մը մէջ: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը:

1976-ին հրատարակուած է իր առաջին գիրքը: Անոր ամէնէն ծանօթ գործերէն մէկն է «Մեր հին դաշնամուրը», որ արժանացած է Հայաստանի գրողներու միութեան «Լեւոն Շանթ» մրցանակին: Իր գործերը թարգմանուած են տարբեր լեզուներու: Վարած է շարք մը կարեւոր պաշտօններ: ԿԸ նախագահէ Շարժապատկերի ազգային ակադեմեային:

Անդամ է Շարժապատկերի քննադատներու միջազգային դաշնակցութեան (Ֆիփրես):

Ներկայացնելով ժապաւէնը ըսաւ, որ «Եռանկիւնի» ժապաւէնը կարելի է սահմանագծային անուանել հայկական շարժապատկերի արուեստին համար, որովհետեւ անիկա եւ գրեթէ նոյն տարիներուն ստեղծուած «Բարեւ, ես եմ» ժապաւէնին շնորհիւ հայկական շարժապատկերը գեղարուեստական եւ բարոյական դարձ կատարեց դէպի ազգային ինքնութիւն, դէպի հայկական «Ես»` նոր ժամանակներու լեզուով:

Մուրատեան ընդգծեց, որ բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանի եւ գրող Աղասի Այվազեանի այս ժապաւէնը կողք-կողքի բերաւ նաեւ հայկական շարժապատկերներու դէմք եւ հասցէ նախանշող սքանչելի դերասաններ Սօս Սարգսեանը, Մհեր Մկրտչեանը եւ ուրիշներ, եւ մինչեւ օրս կ՛ապրի ու կ՛ապրեցնէ հայերը:

Մուրատեանի խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին Հենրիկ Մալեանի «Եռանկիւնի» ժապաւէնը, որմէ ետք առիթ ունեցան հարցումներով եւ զրոյցով եզրափակել երեկոն:

http://www.aztagdaily.com

Scroll Up