Տեղի Ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարին Կից Հասարակական Խորհուրդի Նիստը
Յունուար 27-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարին կից հասարակական խորհուրդի 2017թ. անդրանիկ նիստը: Նախարարը ողջունեց հասարակական խորհուրդի անդամները, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նիստին մասնակցելու համար Սփիւռքէն ժամանած` Սեւակ Յակոբեանն ու Յովիկ Քասլակեանը, նշեց, որ սփիւռքեան միւս գործընկերները նոյնպէս ուղարկած են օրակարգին հետ կապուած իրենց կարծիքները:
ՀՀ սփիւռքի նախարարին կից հասարակական խորհուրդի 2017 թուականի աշխատանքային ծրագիրին մասին զեկուցեց եւ հաստատման ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարին կից հասարակական խորհուրդի քարտուղար Ա.Էլչիպէկեան: Հասարակական խորհուրդի 2017թ. աշխատանքային ծրագիրը հաստատուեցաւ:
Սփիւռքեան համահայկական կառոյցներուն հետ կնքած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան պայմանագիրներու կատարման ընթացքը ներկայացուց նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներուն հետ կապերու վարչութեան պետ Ն.Մուրատեան: Ան նշեց, որ այսօր աշխարհի աւելի քան 117 երկիրներու մէջ կը գործեն հազարաւոր հայկական կառոյցներ: Համահայկական ամենամեծ եւ երկար ճանապարհ անցած կառոյցներու թիւը 24 է: ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կը համագործակցի համահայկական բոլոր կառոյցներուն հետ: ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ յուշագիրներ կնքած են 6 խոշորագոյն համահայկական կառոյց:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ ի տարբերութիւն շատ համաձայնագիրներու, որոնք այդպէս ալ կը մնան թուղթի վրայ, նախարարութիւնը արդիւնաւէտ կը համագործակցի այդ կառոյցներուն հետ: Այս տարի յուշագիրներ պիտի կնքուին եւս քանի մը կառոյցի հետ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 2017 թուականի «Մեր մեծերը» ծրագիրը ներկայացուց Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գ.Գեանջումեան: Ան նշեց, որ 2016 թուականի «Մեր մեծերը» ծրագիրին ընդգրկուած եղած են Սրբուհի Տիւսաբի, Վահէ Հայկի, Աւետիս Ահարոնեանի, Գրիգոր Խանջեանի եւ Գրիգոր Զոհրապի անունները, որոնց նուիրուած շուրջ 30 մեծարման ձեռնարկներ կազմակերպուած են ՀՀ համալսարաններու եւ դպրոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի կրթօճախներու մէջ: Զեկուցողը առաջարկեց 2017 թուականի «Մեր մեծերը» ծրագիրին մէջ ընդգրկել Ռուբէն Մամուլեանի, Ալեքսանդր Մանթաշեանցի, Տիգրան Չուխաջեանը Յովհաննէս Այվազովսկիի անունները եւ Սուրբ Ղազար կղզիի հայկական կաթոլիկ վանքը: Առաջարկուեցաւ 2017թ. «Մեր մեծերը» ծրագիրին մէջ ընդգրկել նաեւ Վահան Թէքէեանի անունը: Հասարակական խորհուրդը ընդունեց առաջարկը:
2017 թուականը «Արցախի տարի» հանրահռչակելու վերաբերեալ զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ս.Սրապիոնեան: Ան անդրադարձաւ «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման, եւ մասնաւորապէս նշեց. «ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած լրագրողների 8-րդ համաժողովի մասնակից, աշխարհի 31 երկրից ժամանած աւելի քան 140 հայ լրագրողները, կարեւորելով իրենց դերակատարութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը Արցախի խնդրում եւ անսալով ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի առաջարկին` որոշեցին Սփիւռքի նախարարութեան հովանու ներքոյ կեանքի կոչել «Դու ի՞նչ ես անում Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը, որը Հայաստանում եւ Սփիւռքում տարաբնոյթ ծրագրերի, միջոցառումների ու ձեռնարկների միջոցով միտուած է զարգացնելու ու տարածելու ազգային տուրքի, Հայրենիքին եւ մասնաւորապէս` Արցախին օգնելու, սատար կանգնելու գաղափարը, արթուն պահելու սեփական ժողովրդի հանդէպ պարտքի գիտակցումը, նպաստելու ազգային ինքնութեան պահպանմանը, ԼՂՀ անկախութեան ճանաչմանը, պաշտպանունակութեան բարձրացմանը, ԼՂՀ-ում սոցիալ-տնտեսական, մշակութային եւ կրթական խնդիրների լուծմանը, համայնքային կեանքի կազմակերպմանը, համախմբմանը` Հայրենիքի զարգացման գաղափարի շուրջ: Սփիւռքի նախարարը, նկատի ունենալով շարժման յաջողուածութիւնն ու տարածումը, առաջարկեց 2017 թուականը յայտարարել «Արցախի տարի»: Այդ միջոցառման շրջանակներում որոշուեց ի լրումն «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնի, անցկացնել «Անկախ Արցախ» համահայկական փառատօն եւ կոչով դիմեցինք հայրենական եւ սփիւռքեան կառոյցներին»:
Ամփոփելով նիստը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց սփիւռքեան բոլոր կառոյցներու եւ անհատներու մասնակցութիւնը «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման, Ղարաբաղը Սփիւռքին համակողմանիօրէն ներկայացնելը: «Հայ դատը պէտք է Ղարաբաղում լուծուի», – նշեց նախարարը եւ աւելցուց. «Ղարաբաղը պաշտպանելով ու հզօրացնելով, մենք պաշտպանում եւ հզօրացնում ենք Հայաստանը»: Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, որ ընելիքներ շատ կան, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան նպաստող առաջնահերթ խնդիրներէն մէկն ալ հպարտ, յաղթող հայու կերպարի կերտումն է: