ԿԵԱՆՔԷՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՅՈՒՆԱՀԱՅ ԲԵՄԻ ԱՄԷՆԱՋԵՐՄ ՍԻՐԱՀԱՐ ՈՒ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒ՝ ԱՐՇԱՒԻՐ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆԸ
Երէկ Կիրակի 3 Նոյեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերուն մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ հայկական թատրոնին 70 տարիներ ծառայած՝ Արշաւիր Գազանճեանը:
Արշաւիր Գազանճեան եղած է բուռն ընթերցասէր, պաշտամունք ունեցած է հայ լեզուին ու գրականութեան ու ակնածանք՝ հանդէպ մեր մեծատաղանդ արժէքներուն:
Արշաւիր Գազանճեան երբեք բեմարուեստի վարժարան յաճախած չէր, սակայն իր բնածին տաղանդով ու ինքնաշխատութեամբ տիրապետած է թատերական արուեստին, հետեւելով յունական յայտնի դերասանական խումբերու արուեստի վարպետներուն:
Ծնած էր Գոնիա, 1 Մարտ 1922ին: Գաղթած է Աթէնք ընտանիքով եւ հաստատուած է Ֆիքսի գաղթակայանը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ֆիքսի ազգային վարժարանին մէջ: Շատ կանուխէն ի յայտ եկած է ընկ. Արշաւիրի սէրը հայկական թատրոնին հանդէպ, նախ որպէս դերասան, ապա բեմադրիչ, բայց նաեւ դերուսոյց, բեմայարդար, զգեստաւորող եւ թատրոնի ներկայացումներու ամէն տեսակի մասնագիտութեամբ: Աշակերտական նստարաններէն, անհուն սէր ունեցած է թատրոնին հանդէպ:
Իր ուսումը շարունակած է Աթէնքի «Ղեւոնդեան» ֆրանսական լիկէոնը: Կեանքի օրուան պայմաններու պատճառով սակայն, ան ընդհատած է իր ուսումը եւ նետուած է կեանքի ասպարէզ, որպէս արհեստ ընտրելով
լուսանկարչութիւնը:
1947: Ձախէն աջ, վարի կարգ՝ աքորտէոնով Արշաւիր Գազանճեան,
կողքին՝ Վահրամ Հայրապետեան:
Վերի շարք՝ Կարպիս (կիթառահար), Էօժէնի Եաղուպեան, Սիրվարդ Զաքարեան, Արաքսի Պոյեաճեան, …. , Օննիկ Սաղրեան, լուսանկարուած վիրաւոր զինուորներուն հետ
Բացի թատրոնէն՝ Արշաւիր նոյն բուռն սէրը ունեցած է նաեւ երաժշտութեան հանդէպ: Հետեւած է դասընթացքներու եւ սկսած է աքորտէոն նուագել: Հիմնած է «Տաւիղ», ապա նաեւ «Կոմիտաս» նուագախումբերը, մասնակցութիւն բերելով հայկական ազգային-միութենական ձեռնարկներուն, խանդ ու եռանդ ստեղծելով հայկական կեանքէն ներս:
Ղեկավարած ու բեմադրած է շատ յաջող ժողովրդային օփերէթներ («Արշին Մալ Ալան», «Ուշ լինի, նուշ լինի», «Պըլ-Պուղի» եւ «Մաշթի ի բաթ»ը:
Առաջին անգամ, պատանի հասակին մէջ բեմի վրայ ելած է Մկրտիչ Պէշիքթաշլեանի «Երեք քաջերը» միարար կատակերգութեամբ, Ֆիքսի հայ կաթողիկէ հաստատութեան սրահէն ներս,
միաժամանակ ստանձնելով ներկայացման բեմադրութիւնը:
Գրաւման շրջանին, 1940-1945, խումբ մը երիտասարդ սիրողներով ներկայացում սարքած է՝ «Վեհանձն հոգիներ» տրամը, հասոյթը տրամադրելով ազգային վարժարաններու ուսուցչական կազմին:
1937էն ետք բեմ կը բարձրանայ յաջորդաբար՝ Պարգեւ Նաճարեանի, Կարօ Գասապեանի, Գէորգ Փափազեանի ղեկավարութեան տակ:
1987: Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածները»՝
Արշաւիր Գազանճեանի եւ Կարօ Ղեւոնդեանի մասնակցութեամբ
Ապա, 1947էն սկսեալ կը ստանձնէ Համազգայինի թատերախումբին ղեկավարութիւնը, որպէս բեմադրիչ, դերուսոյց եւ դիմայարդար, առանց ընդհատումի 70
տարի մասնակցելով յունահայ գեղարուեստական կեանքին ու անայլայլ սէր դրսեւորելով հայ թատերական արուեստին նկատմամբ:
Ան միշտ խանդավառ իր նկարագրով ներշնչած ու ոգեւորած է իր շրջապատի մարդոց: Ինքզինք հիմնականօրէն բեմադրիչ նկատած է, երկրորդական դասելով դերասանի յատկութիւնը, հակառակ որ մեծ փորձառութիւն ունէր եւ բազմաթիւ դերեր մարմնաւորած էր:
25 Մարտ 1949:
«Արշին Մալ Ալան» օփերեթի ներկայացում Գոքինիոյ «Զաւարեան»ի բեմին վրայ,
«Կոմիտաս» նուագախումբին կողմէ:
Կեդրոնը ոտքի, աքորտէոն նուագողը՝ Արշաւիր Գազանճեանը:
«Կոմիտաս» նուագախումբը կազմուած էր 1945ին՝ Ֆիքսի մէջ: Տարբեր առիթներով հանդէս կուգար Ֆիքսի Հայ կաթողիկէ հաստատութեան եւ Գոքինիոյ «Զաւարեան» հանդիսասրահներէն ներս:
Կը հաւատար թէ եկեղեցին եւ դպրոցը ազգապահպանման մեր գլխաւոր ազդակներն են: Որպէս հայկական մշակոյթի հաւատաւոր սպասարկու խորապէս համոզուած էր նաեւ հայկական մամուլին ընդմէջէն մատուցուող ծառայութեան, ի մասնաւորի հայկական լեզուի օգտագործման եւ զարգացման տեսակէտէ: Կ’ըսէր թէ թատրոնը գեղարուեստի յաւիտենական սըրբարան մըն է, ուր մարդ կրնայ զարգանալ, ազնուանալ ու զարդարել իր հոգեկան աշխարհը, որուն մէջ կը պահպանուի հայ լեզուն: Խորապէս կը տագնապէր թէ հայկական թատրոնին ներկայի երիտասարդ դերակատարները լեզուական ահաւոր դժուարութիւն կը դիմագրաւեն: Այդ պատճառով էր որ
իտասարդ դերակատարներուն իրենց դերերը սորվեցնելու ժամանակ կը սիրէր խորանալ հայերէն բառերու բացատրութեան եւ ուսուցողութեան մէջ:
«Տաւիղ» նուագախումբը, կազմուած 1938ին՝ Ֆիքսի մէջ
Որպէս գնահատանք իր երկարամեայ վաստակին եւ քաջալերանք յաջորդող տարիներուն համար, ան պատուուեցաւ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կողմէ, իր 50 տարուայ ծառայութեան համար, «Էսթիա» Նէաս Զմիռնիսի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին, ուր յատուկ յուշատախտակ ստացաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի ձեռամբ: Թատրոնի հանդէպ իր անսակարկ ծառայութեան համար, 2003ին իր անունով կոչուեցաւ Համազգայինի Յունաստանի թատերախումբը:
Արշաւիր Գազանճեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի այսօր, Երկուշաբթի 4 Նոյեմբերին, Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:
Յիշատակը անթառամ, ճանապարհը՝ օրինակելի:
azator.gr