ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Սփիւռքի նախարարութեան հնգամեայ ճանապարհը հնգամեակ մը առաջ, երբ Սփիւռքի նախարարութիւնը կեանքի կոչուեցաւ, Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ ամէնէն կարեւոր քայլերէն մէկուն նախասկիզբը տրուեցաւ։ Հինգ տարի ետք, իր ծաւալուն ու բազմաբնոյթ գործունէութեամբ, նախարարութիւնը վերածուած է Սփիւռքի հայկական գաղթօճախները իրար շաղկապող կամուրջին։

 Յատկապէս, սուրիահայութեան տագնապի ժամանակահատուածին անժխտելի է նախարարութեան կատարած այն վիթխարի աշխատանքը, որ տակաւին մինչեւ օրս կը շարունակուի։ Տեղեկատուական եւ լրատուական բնագաւառէն ներս` թուրք-ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան դէմ պայքարի աշխատանքները համակարգելու ուղղութեամբ, նախարարութեան կազմակերպած իրաւագէտներու, լրագրողներու եւ իրազեկման կեդրոններու ներկայացուցիչներու համաժողովները լաւագոյն փաստն են նախարարութեան կողմէ նախապատրաստական աշխատանքներուն՝ Հայկական ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախօրեակին։

Հնգամեայ իր ազգանուէր գործունէութեամբ Սփիւռքի նախարարութիւնը այսօր կը փաստէ, որ ինք համախոհութեան ջատագովն է, հայութեան պահանջատիրութեան բարձրախօսն է, հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու վերատիրացման դրօշակիրն է, Ցեղասպանութեան պատճառով աշխարհով մէկ սփռուած տարագրեալ հայութեան բեկորներու նախարարութիւնն է։ Շնորհաւո´ր տօնդ, Սփիւռքի նախարարութիւն։

Յաջողութեան եւ յարատեւութեան լաւագոյն մաղթանքներով`

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

«ՀՈՐԻԶՈՆ» շաբաթաթերթի

գլխաւոր խմբագիր, Գանատա

Scroll Up