Շրջափակված Հալեպում հայերը շարունակում են դիմագրավել դժվարին պայմաններին
Հալէպ քաղաքը կը շարունակուի շրջափակուած մնալ: Եօթ ամիսէ ի վեր օդային ճամբաներու փակումին կը միանայ 11 օրէ ի վեր շարունակուող ցամքային ուղիներու փակումը, թէ ներքին նահանգէ-նահանգ, թէ արտաքին երկրէն դուրս:
Սննդեղէնի ապահովման դժուարութիւնը կը շարունակուի, թէեւ նախորդ օրերուն հետ բաղդատելով դրական ինչ որ բան կարելի է նկատել, շուկան քանի մը տեսակ բանջարեղէն եւ կանաչեղէն կարելի է գտնել, սակայն սովորական սակագիներէն 12-15 անգամ աւելի բարձր արժէքով:
Պտղատեսակ համարեա չկայ։ Դեղօրայք ապահովելու դժուարութիւնը կը շարունակուի:
Ի տարբերութիւն նախորդ ամիսներէն ելեքտրական հոսանքի եւ ջուրի մեծ խնդիր չունինք: Թէ հոսանքը թէ ջուրը քանի մը ժամ կ°անջատուին ու կը վերադառնան:
Շաբաթ 13 Յուլիսի գիշերը Սիւլէմանիէի հայաբնակ թաղամասերուն վրայ երեք հրասանդ ինկաւ, որոնց պատճառած վնասները Փառք Աստուծոյ միայն նիւթական էին:
Նոյն գիշեր ԹէլիՖոն Հաուայի շրջանին մէջ գտնուող Հայ Աւետիարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ վրայ հրասանդ մը օդին մէջ պայթեցաւ, իսկ ուրիշ մը եկեղեցւոյ դիմացի մայթին վրայ, կրկին մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան:
Կիրակի 14 Յուլիսին, այս դժուար ու երբեմն դաժան պայմաններուն մէջ, կենասէր հալէպահայութեան խուռներամ բազմութիւնը հաւաքուած էր Գ.Եսայեան սրահէն ներս, ուր Համազգայինի Ս.Շրջանային Վարչութիւնը բարձր գնահատելի ճիգով մը ժողովուրդին հոգեկանը աշխարհը խանդավառեց: Բարսեղ Կանաչեան Երաժշտանոցը, Թատրոնը, Զուարթնոց երգչախումբը եւ Ն. Աղբալեան Մասնաճիւղի Սարդարապատ պարախումբը կրկին ժպիտ գծեցին հալէպահայուն դէմքին :
Թեմիս առաջնորդ գեր. Տէր Շահան Ս.եպս.Սարգիսեանը իր կարգին ոգեւորեց Հալէպահայութիւնը, որոնց մեծ մասն ալ իրենց տուներուն մէջ Րատիօ Երազին ճամբով ունկնդրեցին ձեռնարկը, լսեցին սրբազան հօր յուսատու եւ ուժ ներառող պատգամներն ու յորդորները:
Այնքան հոծ բազմութիւն կար, որ մեծ թիւով հանդիսատեսներ սրահէն դուրս մնացին, այս իսկ պատճառով Շրջ.Վարչութիւնը տեղւոյն վրա որոշեց ձեռնարկը կրկնել յաջորդ Կիրակի 21 Յուլիս 2013ի երեկոյեան ժամը 5ին, նոյն սրահին մէջ:
Այս է հալէպահայութիւնը, որ ընկրկում, յուսալքութիւն չի ճանչնար։ Հալէպահայութիւնը ճանչցողը գիտէ, որ ան ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ իր անցեալին, ներկային եւ ապագային տէրը կանգնելու ու արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համար:
Մարիա Գաբրիէլեան
Հալէպ
yerkirmedia.am