Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Բուռն Բախումներ Հալէպի Տարբեր Շրջաններուն Մէջ

Ըստ «Բերիոյ Նիուզ»-ի, Հալէպի տարբեր ճակատներուն վրայ բախումները կը շարունակուին:
Սուրիական բանակը վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին յառաջխաղացք արձանագրեց Հալէպ քաղաքի եւ շրջակայքի կարգ մը գիւղերուն մէջ:
Սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ:
Հալէպի մէջ մարտերը կ’ընթանան Շըղէյեֆ, Թել Շհիր, Պապիս, Շէյխ Սայիտ, Հրէյթան, Հանանօ, Քաֆար Տաէլ, Տարեթ Ըզզեթ, Տէր Ժամալ, Հետարիյէ, Քաֆար Համրա, Խան Ասալ, Հոլլուք, Ֆերտուս, Ռաշիտին եւ այլ շրջաններու մէջ:
Մարտեր կ’ընթանան նաեւ Զըրպէ, Քաֆար Նահա, Քէշիշ, Հրէյթան, Պայանուն եւ Մարեհ գիւղերուն մէջ:
Սուրիական զօրքը կասեցուց ահաբեկչական խմբաւորումներու Հին Հալէպէն դէպի Հալէպ քաղաքի Ալմաշրֆիյէ ներս թափանցումը:
Իսկ Հալէպ քաղաքը, մանաւանդ հայահոծ շրջանները թէեւ ծանր դէպքեր չեն արձանագրուիր, սակայն այնտեղ անդադար կը լսուին շրջակայքի ռմբակոծութիւններուն ահաւոր ձայները:
Միւս կողմէ, սուրիական բանակը քանի մը օր առաջ իր հսկողութեան տակ վերցուց Շէյխ Նաժժար շրջանը, որ գործարանային շրջան կը նկատուի եւ մեծ նշանակութիւն ունի Հալէպի ճարտարարուեստին համար:
Պէտք է ընդգծել, թէ Շէյխ Նաժժար շրջանին մէջ գոյութիւն ունէին նաեւ բազմաթիւ հայերու մեծ գործարաններ:
«Ազդակ»