Հալէպի Մէջ Վիրաւոր Մը Եւս

Հալէպի լրատուական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 23 յունիսին Հալէպի մէջ հայ մը վիրաւորուած է: Ռամուսիէ թաղամասին մէջ արձակազէնի փամփուշտէն վիրաւորուած է Յակոբ Փայասեանը: Վիրաւորը փոխադրուած է «Ռազի» հիւանդանոց, ուր անոր կատարուած է համապատասխան բուժում:

Յիշեցնենք, որ 17 յունիսին հրասանդի հրթիռի պայթումի պատճառով զոհուած էր «Գանձասար» շաբաթաթերթի եւ Հալէպի մէջ «Ազդակ»-ի ցրուիչ Վրէժ Ճապաղջուրեան:

Վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին Հալէպի մէջ տասնեակէ մը աւելի հայեր զոհուած կամ վիրաւորուած են: Սուրիական պատերազմի վերջին երեք տարիներուն զոհուած հայերուն թիւը հարիւրէ աւելի է:

«Ազդակ»

Scroll Up