Ցեղասպանութեան Եւ Ողջակիզման Ընթացքին Գողցուած Արուեստի Գործերուն Նկատմամբ Հաւասար Վերաբերմունք Կը Պահանջուի
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Քալիֆորնիոյ անդամ Տայան Ֆայնսթայնի ուղղուած նամակով մը, Հայ իրաւաբանական միութեան նորընտիր վարչութեան ատենապետ Արմէն Յովհաննէսեան կոչ ըրած է, որ Ծերակոյտին կողմէ քննուող բանաձեւին մէջ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզման ընթացքին քաղաքացիներու գողցուած ստացուածքներուն եւ արուեստի գործերուն հաւասար վերաբերմունք ցուցաբերուի։
Անցեալ ամիս, Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացուցած էր բանաձեւ մը, որ նահանգային եւ դաշնակցային դատարաններէն կը խլէ այլ երկիրներէ վարձու տրուող արուեստի գործերը ետ ստանալու նպատակով բացուած դատերը քննելու իրաւասութիւնը։ Բանաձեւին մէջ բացառութիւն դրուած է Հրէական Ողջակիզման ընթացքին գողցուած արուեստի գործերուն պարագային, սակայն նման բացառութիւն մը չկայ Հայկական Ցեղասպանութեան համար։
Հայ իրաւաբանական միութիւնը կոչ կ՛ընէ Ծերակոյտին, որ սրբագրէ այս անարդար անտեսումը, որպէսզի ամերիկահայ եւ այլ փոքրամասնութեանց քաղաքացիներուն իրաւունքները չ՛ոտնակոխուին։