Քալիֆորնիոյ Նահանգային Օրէնսդիր Մարմինը մեծամասնութեամբ թեր քուէարկելով որդեգրեց Արցախի Ճանաչման բանաձեւը

Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Նորա Յովսէփեան Արցախի ճանաչման բանաձեւի ի նպաստ վկայութիւն կու տայ:

Քալիֆորնիոյ նահանգի Օրէնսդիր մարմնի Կանոնադրական յանձնախումբը 9 թեր մէկ դէմ քուէով պատմական քայլ մը կատարեց որդեգրելով Արցախի ճանաչման ի նպաստ բանաձեւ մը:

Սոյն բանաձեւով Քալիֆորնիոյ Օրէնդիր մարմինը նաեւ կը դիմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնքրեսին, որպէսզի նեցուկ կանգնին Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:

Բանաձեւը ներկայացուած էր Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր մարմնի (Statye Assembly) անդամ Մայք Կաթոյին կողմէ, որու նախաձեռնութեան իբրեւ համահեղինակներ միացան Էսէմպլիմէններ Քաջօ Աշաճեան, Ատրին Նազարեան, Սքաթ Ուիլք, Չերըլ Պրաուն:

Էսէմպլիմէն Մայխ Կաթօ մեղապէս գնահատեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներդրումը բանաձեւի որդգրումը ապահովելու աշխատանքներուն: Յանձնախումբի ձեռնարկած նամակարշաւը տուած էր իր դրական արդիւնքը հարիւրաւոր նամակներ ապահովելով Քալիֆորնիոյ բոլոր շրջաններէն՝ ուղղուած Էսէմպլիի անդամներուն:

Հինգշաբթի Մայիս 8ին այս բանաձեւը պիտի դառնայ Քալի՝որնիոյ նահանգային Էսէմպլիի լիագումար նիստի օրակարգի նիւթ:

Նորա Յովսէփեանի հետ բանաձեւին ի նպաստ վկայութիւն տուին Ալինա Նալբանդեան (գրաւեալ Շահումեանի շրջանէն), եւ Սեւակ Խաչատուրեան (Ամերիկայի Հայկական Խորհուրդի անդամ):

http://asbarez.com

Scroll Up