Սուրիոյ Մուֆթին Այցելեց Լաթաքիոյ Մէջ Ապաստան Գտած Քեսապցիներուն

Երկուշաբթի, 14 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան, Սուրիական հանրապետութեան Մուֆթի Շէյխ Ահմէտ Պէտրըտտին Հասսուն այցելեց Լաթաքիոյ հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցի:

Շէյխ Հասսունի կ՛ընկերակցէին Լաթաքիոյ նահանգապտը, Պաաս կուսակցութեան Լաթաքիոյ ու ղեկավարը, իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնականներ, պետական ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ:

Մուֆթի Շէյխ Ահմէտ Պէտրըտտին Հասսուն, Ծովափի շրջանի շտապ օգնութեան գործադիր մարմնի ներկայացուցիչներէն եւ ազգայիններէն տեղեկանք ստացաւ եկեղեցւոյ տարածքին հաստատուած Քեսապէն տեղահանուածներու մասին, հետաքրքրուեցաւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ անոնց կարիքներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ մխիթարական խօսքեր արտասանեց:

Մուֆթին շեշտը դրաւ իսլամ-քրիստոնեայ եղբայրութեան եւ յատկապէս պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի կրած տարապանքը՝ Մեծ եղեռնը: Ապա Մուֆթիի ձեռամբ Պատուոյ գիր յանձնուեցաւ Քեսապի հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Միւռոն քահանայ Աւետիսեանին, իր ցուցաբերած դժուարին աշխատանքներուն համար:

Քեսապահայութեան անունով խօսք առաւ Տէր Միւռոն քահանայ Աւետիսեան, որ իր կարգին երախտագիտական խօսք արտասանեց Սուրիական հանրապետութեան Մուֆթի Շէյխ Ահմէտ Պէտրըտտին Հասսունին եւ իր պատուիրակութեան:

Այս մասին կը յայտնէ  PERIO NEWS-ի Facebook-եան էջը:

1554485_305850672900278_7494676060516058785_n 1655889_305850556233623_5999596524007925733_n 10007448_305850586233620_9150076558651958384_n 10155306_305850619566950_1034079347914330868_n

Scroll Up