Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց Միութեան Նուիրուած Ցուցահանդէս
Ինչպէս հաղորդած էինք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ հանդիպումներու եւ ձեռնարկներու շարք մը տեղի պիտի ունենայ, Հայկական Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցը ոգեկոչելու եւ Հայ Դատին ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու նպատակով:
2002էն ի վեր, նահանգի զանազան շրջաններէն հայեր կը հաւաքուին Սաքրամենթօ՝ Հայ Դատի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ու Ծերակոյտի անդամներուն հետ ոգեկոչելու համար Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը եւ խորհրդակցելու համար հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ:
Այս խորհրդակցութեանց եւ ձեռնարկներուն զուգահեռ, նահանգային խորհրդարանի շէնքին մէջ պիտի կազմակերպուի նաեւ ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութեան (Near East Relief), նկատի ունենալով, որ Հայ Դատը որոշած է աւելի քան մէկ միլիոն հայեր, ներառեալ 134,000 որբեր, փրկելու աշխատանքին մէջ այդ կազմակերպութեան ունեցած դերակատարութիւնը պատուելու միտող ձեռնարկներու շարք մը կազմակերպել՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Աստրեան կը յայտնէ, թէ նշեալ կազմակերպութիւնը աննախընթաց օժանդակութիւն տրամադրած է հայութեան, եւ շնորհակալութիւն յայտնած է նահանգային խորհրդարանի անդամներուն, որ ընդունած են Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութեան եւ անոր միջոցաւ՝ ամերիկացիներու առատաձեռնութիւնը լուսարձակի տակ առնելու գծով Հայ Դատի առաջարկը:
Նշենք, որ անսալով Օսմանեան կայսրութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի կոչին՝ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն Սեպտեմբեր 1915ին կոչ ըրած է Քոնկրեսին, որ անմիջապէս թրքական ջարդերուն զոհ գացած հայութեան օժանդակութիւն հասցնելու միջոցներ գտնէ, ինչի շնորհիւ հաստատուած էր Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութիւնը, որ յաջորդող տարիներուն կրցած էր 117 միլիոն տոլար (ներկայ արժէքով մօտաւորապէս 2.7 միլիառ տոլար) հաւաքել իր մարդասիրական գործունէութեան համար: Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց միութիւնը Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ բացուած որբանոցներուն ցանցով կրցաւ փրկել Ցեղասպանութեան ականատես հարիւր հազարաւոր որբեր՝ շնորհիւ ամերիկացիներու նուիրատուութիւններուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեան մասնակցողներու խումբը Լոս Անճելըսէն ճամբայ պիտի ելլէ Կիրակի, Ապրիլ 6ին ու պիտի վերադառնայ Երկուշաբթի, Ապրիլ 7ի գիշերը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ancawr.org կայքը կամ դիմել
CAstate@ancawr.org հասցէին եւ (818) 500-1918 թիւին: