UCLA-ի Հայկական Երաժշտութեան Ծրագիրը Ճամբայ Կը Մեկնի
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Հայկական երաժշտութեան ծրագիրը, որ իրականացած է շնորհիւ առատաձեռն նուիրատուութեանց, արդէն իսկ առաջին քայլերը առած է ու Յունուար 26ին հանրութեան պիտի ներկայանայ իր անդրանիկ համերգով:
Հայկական երաժշտութեան ծրագիրին նպատակն է լուսարձակի տակ դնել հայկական երաժշտութեան հարուստ աւանդութիւնը՝ յառաջիկայ երկու տարիներուն իրականացնելով առնուազն հետեւեալ նախաձեռնութիւնները.
– Հայկական երաժշտութեան նուիրուած համերգներու շարքի մը ներկայացում.
– Համալսարանին մէջ հայկական երաժշտութեան նուիրուած դասանիւթի մը դասաւանդումը 2014ի գարնան ու 2015ին, որ պիտի դասաւանդուի Վաչէ Պարսումեանի կողմէ.
– Հայկական երաժշտութեան նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի մը կազմակերպում, համալսարանի հայերէն լեզուի «Նարեկացի» ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Փիթըր Քաուիի հետ գործակցաբար:
– Ամբողջական կրթանպաստի յատկացում համալսարանի խումբ մը տաղանդաւոր հայ ուսանողներու, որոնք երաժշտութեան ճիւղին մէջ կը մասնագիտանան:
– Նշեալ ուսանողներուն եւ «Լարք» երաժշտանոցին համագործակցութեամբ՝ համայնքէն ներս շարք մը ձրի համերգներու կազմակերպում:
– Հայկական երգի մրցոյթ (Մայիս 2014), համագործակցութեամբ համալսարանի երաժշտութեան բաժանմունքին:
Ինչպէս հաղորդած էինք, «Լարք» երաժշտանոցին ու համալսարանի «Հըրպ Ալփըրթ» երաժշտանոցին միացեալ ջանքերով, հայկական երաժշտութեան նուիրուած համերգներու շարքին առաջինը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 26ին, կ.ե. ժամը 2ին, համալսարանի «Շէօնպըրկ» սրահին մէջ (445 Charles E. Young Drive East, Los Angeles, CA 90095):
Համերգը նուիրուած է հռչակաւոր յօրինող Տիգրան Մանսուրեանի 75րդ տարեդարձին. ընթացքին պիտի կատարուին Մանսուրեանի «Արս Փօէթիքա»ն եւ այլ գործեր, ինչպէս նաեւ՝ Սպենդիարեանէն ստեղծագործութիւններ: Համերգին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ «Լարք»ի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի, ինչպէս նաեւ՝ համալսարանի Հայկական երաժշտութեան նուագախումբը, Վընիսա Վասքեզ (սոփրանօ) եւ «Վէմ» քառեակը:
http://asbarez.com/