Ի. դարու ցեղասպանութեանց զոհերու յուշակոթողի բացում Կոնէսի (Վալ տ՚Ուազի նահանգ) մէջ

Դեկտեմբեր 16ին, Երկուշաբթի ժամը 17.30ին, փարիզեան արուարձաններէն Կոնէսի (Վալ տ՚Ուազի նահանգ) մէջ հանդիսաւոր բացման եւ լուսաւորման արարողութիւնը կը կատարուի Ի. դարու ցեղասպանութեանց զոհերու յուշակոթողին: Ան պիտի յաւերժացնէ յիշատակը հայ, ասորի-քաղդէացի, հրեայ նահատակներու:

«Այս յուշակոթողը Կոնէսի ֆրանքեւհայկական միութեան՝ UFAG-ի բազմամեայ ջանքերուն պտուղն է» կ՚ըսուի այս առթիւ մեր ստացած հաղորդագրութեան մէջ:

Ան բարձրացուած է Կոնէսի՝ Գերեվարութեան վերացման գաւիթին վրայ, «Ռընէ Գասէն» երկրորդական վարժարանին առջեւ:

Նոյն հաղորդագրութենէն կ՚իմանանք նաեւ, թէ Ֆիլիփ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ աշխատանքի խմբակ մը ստեղծուած է, որպէս առաքելութիւն ունենալով Հայոց եւ Ասորի-Քաղդէացիներու ցեղասպանութեան ճանաչումի դիմումի մը մշակումը, շիրմազուրկ նահատակներու յիշատակին յուշակոթողներ բարձրացնելու առաջարկով:

Այդ դիմումը ներկայացուած է Կոնէսի, Արնուվիլի, Սարսէլի եւ Սանուայի թաղապետական խորհուրդներուն եւ ընդունուած է: Սակայն կարելի չէ եղած ներկայացնել Կուսէնվիլի, Կարժ-լէ-Կոնէսի եւ Վիլիէ-լը-Պէլի թաղապետական խորհուրդներուն, «ծագումով թուրք ֆրանսացի» ընտրեալներուն ցուցաբերած վերապահութեան հետեւանքով:

Վալ տ՚Ուազի Ընդհանուր Խորհուրդի երկու նախագահները՝ Տիտիէ Արնալ եւ Առնօ Պազէն, գրաւոր կերպով, իրենց անձնական զօրակցութիւնը յայտնած են վերոնշեալ դիմումին:

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up