Արեւմտեան Թեմի Վերջին Տասնամեակին Ձօնուած Հանդիսութիւններ
Նոյեմբեր 21ին, 22ին եւ 24ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի պիտի ունենան միջոցառումներ՝ նուիրուած թեմի վերջին տասը տարիներու գործունէութեան՝ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի վերջին տասնամեակի գրական ստեղծագործութեանց, նոր ծուխերու հաստատման, երիտասարդ հոգեւորականներու պատրաստման, քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի գործունէութեան եւ թեմական հրատարակութիւններուն: Այս միջոցառումներուն նշանաբանն է՝ «Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ բոլորս ալ գործակից ենք»:
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21ի եւ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22ի միջոցառումները կը սկսին երեկոյեան ժամը 6:30ին, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ: Հինգշաբթի օրուան ծրագիրին առաջին բաժինը նուիրուած պիտի ըլլայ նոր ծուխերուն, Արեւմտեան թեմին մէջ ծառայելու հրաւիրուած նոր ձեռնադրուած հոգեւորականներուն եւ երիտասարդ նոր թեկնածուներուն: Խնամակալութեան մարմինի ատենապետ տոքթ. Վահրամ Պիրիճիք պիտի ըլլայ այս բաժինի հանդիսավարը: Պիտի ցուցադրուի յատուկ պատրաստուած շարժապատկեր մը: Երկրորդ բաժինը նուիրուած պիտի ըլլայ քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի գործունէութեան, որուն մասին մանրամասնօրէն բացատրութիւններ պիտի տայ բաժանմունքի վարիչ Մաշտոց Չօպանեանը:
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22ի երեկոյեան, ձեռնարկի առաջին բաժինը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ամերիկայի մէջ իրականացած ծրագիրներուն, որոնք պիտի ներկայացուին Մայր աթոռի գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմաքեանի կողմէ: Այս բաժինին հանդիսավարը պիտի ըլլայ Րաֆֆի Քէնտիրճեան: Երկրորդ բաժինը նուիրուած պիտի ըլլայ թեմի հրատարակութիւններուն եւ առաջնորդին՝ վերջին տասը տարիներուն հրատարակած գիրքերուն: Այս բաժինը պիտի հանդիսավարէ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Աբովեանը:
Կիրակի, Նոյեմբեր 24ին, առաջնորդը պիտի մատուցէ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ շքանշանով պիտի պարգեւատրուի Թեմական խորհուրդի ատենապետուհի դատաւոր Էտրիըն Գրիգորեանը: Պիտի կատարուի նաեւ խաչքարի օծում՝ նուիրուած առաջնորդարանի երկարամեայ պաշտօնեայ, տիրամայր Աննա Մովսիսեանին:
Պատարագի աւարտին, ժամը 1:30ին, Տիկնանց միութեան կողմէ պիտի կատարուի հիւրասիրութիւն, որմէ ետք, ժամը 2էն 3:30, «Թրբանճեան» հրապարակին վրայ պիտի գործադրուի գեղարուեստական ճոխ ծրագիր մը՝ զանազան խումբերու եւ երգիչներու մասնակցութեամբ: