ՆՈՐ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐ ՄԸ ԾՆԱՒ ԻՐ «ՓԵՍԱԴ Ո՞ՒՐ Է» ԹԱՏԵՐԱԽԱՂՈՎ
Արդարեւ, նիւեորքահայ գրական-մշակութային կեանքը առաւել հարստացաւ Թալին Պապայեանի կատարած թատերական գործով։ Այլապէս ալ արդէն Թալին վերջին տասնամեակին ծանօթ անուն մը դարձած էր Պոստոնի «Տհը Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր»-ի ընթերցողներուն համար յաճախակի իր լրատուութիւններով ու յօդուածներով։ Ուրախ ենք մա´նաւանդ անոր համար, որ ան երիտասարդ ուժ մըն է եւ հետաքրքրուած գրականութեամբ` այս պարագային անոր բաւականին դժուար սեռովը` թատրերգութեամբ։
Թալին լաւապէս ճանչցած է ամերիկահայ ընտանիքը։ Հինին ազգային աւանդութիւններուն ամուր կերպով կառչած մնալու բաղձանքը եւ նոր սերունդին` իր ընկերային շրջապատին յարմարուիլ ուզելու երազը։ Եթէ անցեալ դարուն երկրէն եկած հայուն ցաւը կու լային մեր երէկի գրողները` Բենիամին Նուրիկեան, Արամ Հայկազ, Վահէ Հայկ, Սուրէն Մանուէլեան ու Յակոբ Ասատուրեան, ապա այսօրուանը` Պէյրութէն, Հալէպէն ու Թեհրանէն եկած հայախօս, հայաշունչ, հայատրոփ սերունդին ցա´ւն է որ կու լայ Թալինը։ Յոյսով ենք, որ անոր աշխատանքը կ’ըլլայ վարակիչ իր սերնդակիցներուն համար։
Ինք ալ հասակ առաւ նման ընտանիքի մը մէջ։ Աւանդապահ մեծ հօր` կրթական մշակ ու գրչի մարդ Երուանդ Պապայեանի ու հօր` Ներսէսի, որ դարձեալ լրագրութեամբ ու խմբագրութեամբ պարապած (շրջան մը աշխատած որպէս խմբագիր «Միրըր»ի խմբագրատան մէջ), աւանդապահ մօր` Հերմինէի գուրգուրանքին միշտ արաժանի։ Սակայն միւս բոլորին նման համալսարան եւ օտար միջավայրի մէջ իր երիտասարդութիւնը անցուցած է ան՝ հայերէնը սորված իր տունէն ու շաբաթօրեայ Հայ դպրոցէն։ Ան արժանի է ամէն գնահատանքի։
Վերադառնանք թատրերգութեան։ «Փեսադ ո՞ւր է» ութսուն տոկոս անգլերէն ու քսան տոկոս հայերէն բաժիններով, զորս զիրար կ’ամբողջացնեն շատ հեզասահ կերպով։ Բեմ բարձրացող երիտասարդները ծնունդ են Միջին Արեւելքէն եկած այդ սերունդին, ու հաճոյքով ալ դիտեցին 250-ի մօտ հանդիսականները ոչ միայն անոնց խաղարկութեան, այլ նաեւ խօսակցութեան, ոճին ու հնչիւնաբանութեան։ Տարօրինակօրէն, հաւասարապէս յաջող եւ անսխալ երկխօսութիւն մը մնաց խաղը՝ մինչեւ իր աւարտին հասցնելով։
Գօգոյի (Արիս Համբարձումեան) եւ Սիրունի (Քաթրին Սապպաղ) ընտանիքէն ներս է որ կը կատարուի ներկայացումը։ Իրենց երկու զաւակները Լարա (Զարիկ Պաղտասաեան) եւ Սարօ (Հայկ Մինասեան), որոնք կ’ուզեն իրենց ապագայ կեանքը կապել օտարի հետ ամուսնանալով։ Լարան կը բերէ իր ընկերը, ամերիկացի տգէտ երիտասարդ մը … որ «Հայաստանին ո´ւր ըլլալը անգամ չէ լսած»։ Մինչ այդ, ծնողքը իրեն կը ծանօթացնէ հայ ընտանիքներու զաւակներ, որոնցմէ ոմանք իրապէս ալ եթէ հայ չըլլային «տուն բերուելիք երիտասարդներ չէին»։ Ի վերջոյ կը հանդիպի հայ երիտասարդի մը եւ կը կատարուի խօսքկապը, ու ծանօթ երգիչ Ռոպերթ Չիլինկիրեան, սրահէն մուտք գործելով, մասնակից կը դառնայ խնճոյքին՝ երգելով հարսանեկան երգ մը։
Ոմանք բեմական փորձառութեամբ, ուրիշներ երբեք, սակայն սիրողական թատերախաղի մը բոլոր պայմանները անոնք լեցուցած էին։ Գեղեցկօրէն կահաւորուած էր հայու տունը։ Միւս մասնակիցներն էին Լորի Չինար, Ճօ Յովսէփեան,Թանիա Պաշ, Դանիէլ Օհանեան, Րաֆֆի Կիւլպէնկ, Սարգիս Ենիգոմշուեան, Սեդրակ Ենիգոմշուեան, Տանիէլլա Պայտար, Դանիէլ Էքշեան, Էնտրիւ Սականտա, Էտուին Պաղտասարեան։ Իսկ բեմին ետին որպէս օգնականներ կ’աշխատէին Թալին Պաղտասարեան, Անուշ Կիւլեան ու Անահիտ Գաբրիէլեան։ ԹՄՄ Մհեր Մկրտեան թատերախումբի բեմադրիչներէն` Յարութ Չաթմաճեան եղաւ մեծապէս օգտակար անոր բեմադրութեան աշխատանքներուն մէջ։
Ներկայացումը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 26, 2013, Շաբաթ երեկոյեան Նիւ Եորքի The Players Theatre-ին մէջ։
Թատերախաղը լեցուն է ազգային ցաւերով, ինչպէս օրինակ` տէր հայրը (Դանիէլ Օհանեան) կը ներկայացնէ Փոլը (Անտրիւ Սականտա), որ Ս. Ներսէս Աստուածաբանական ճեմարանի ուսանող է եւ կ’ուզէ հայ հոգեւորական ըլլալ, առանց բառ մը հայերէն գիտնալու։ Ան պիտի սպասարկէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ … ու անշուշտ, ի վերջոյ այս մարդոց ձեռք մնալով … Հայկական Ս. Պատարագն ալ օր մը անգլերէնի վերածել ուզելով։ Թալին մատը ճիշդ վէրքին դրած է։ Ու այս օրինակին նման ուրիշ ազգային լուրջ ցաւեր ան կու տայ։
Միայն կը մնայ մեզի շնորհաւորել Թալինին եւ հոյլ մը մեր երիտասարդներուն, որոնք հայ թատրոնին ժառանգութիւնն է որ կը շարունակեն պահել այս քաղաքին մէջ։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Նիւ Եորք