Հալէպ. Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Աշակերտութիւնը Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը Կը Նշէ Ճեմարանի Շրջափակին Մէջ
Շաբաթ, 12 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտները, որոնք աւելի քան տարիէ մը ի վեր զրկուած էին իրենց վարժարանը յաճախելէ` անոր Նոր Գիւղի բախումնային գիծին վրայ գտնուելուն պատճառով, եւ իրենց ուսումնական ընթացքը կը շարունակէին այլ կառոյցի մէջ, յուզումնախառն ապրումներով եւ զգուշութեամբ յաջողեցան մտնել Քարէն Եփփէ Ճեմարանի կառոյց եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ ու Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան մասնակցութեամբ յանդգնութիւնը ունեցան Ճեմարանին մէջ նշելու Թարգմանչաց տօնը, հակառակ շրջանին սպառնացող վտանգներուն:
Անոնք մոմավառութիւն կատարեցին Ճեմարանի շրջափակին մէջ գտնուող Քարէն Եփփէի կիսանդրիին դիմաց: Աշակերտները միասնաբար աղօթեցին եւ մաղթեցին խաղաղութիւն սուրիական հայրենիքին, որպէսզի իրենց բնականոն ուսումը շարունակեն Ճեմարանի կառոյցին մէջ: Առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ճեմարանին մօտ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւն, հովանաւորութեամբ առաջնորդ սրբազանին, կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասուն եւ թաղականութեան, որմէ ետք Խաժակ Տիլպերեան Ճեմարանի աշակերտներուն ներկայացուց Թարգմանչաց վարդապետաց գործը:
Նշենք, որ անցնող շաբաթ Հալէպի մէջ Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը նշուեցաւ ամբողջ շաբթուան ընթացքին, Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ 5 օրերու տեւողութեամբ: