Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. Ֆրանչիսկոս Պապը Անդրադարձած Է Հայոց Ցեղասպանութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/10363446_10152575622708714_6801024416652154621_o-1024x6821.jpg)
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
Վեհափառը պապին յիշեցուցած է, որ Միջին Արեւելքը լուրջ տագնապներէ կ՛անցնի, եւ անոնց հետեւանքները եկեղեցիներու կեանքին ու վկայութեան համար յաճախ մտահոգիչ են: Ան ըսած է, որ հակառակ այս իրողութեան, եկեղեցիները կը մնան ամրօրէն կառչած Միջին Արեւելքին եւ հաւատարիմ իրենց քրիստոնէական վկայութեան ու քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին` վեհափառ հայրապետը յիշեցուցած է 1915-ի Օսմանեան Թուրքիոյ ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ Սփիւռքի կազմաւորումը: Ան ըսած է, որ հայ ժողովուրդը ոչ միայն 1.5 միլիոն նահատակ տուած է, այլ կորսնցուցած է իր եկեղեցիները եւ մշակութային ու հոգեւոր արժէքները, հետեւաբար, ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը իւրաքանչիւր հայու պահանջն է: Ապա վեհափառը յիշեցնելէ ետք, թէ սեպտեմբեր 1915-ին Պենետիկտոս ԺԵ. պապը Սուլթան Մոհամետ Ե.-ին գրած նամակին մէջ դատապարտելով հայ ժողովուրդին դէմ կատարուող ցեղասպանութիւնը, կոչ ուղղած է վերջ տալու հայ ժողովուրդին ջարդերուն` աւելցուցած է. «Մեր ժողովուրդի սպասումն է, որ դուք եւս յառաջիկայ տարի Ձեր զօրակցութիւնը յայտնէք մեր ժողովուրդին, ինչ որ վստահաբար կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ մեզի համար»:
Ֆրանչիսկոս պապը իր պատասխան խօսքին մէջ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ըսած է. «Հայ ժողովուրդը կը ներկայացնէ քրիստոնէական աշխարհի մէկ մասը, որ անհերքելի կերպով կը յատկանշուի փորձութեանց եւ տառապանքի պատմութեամբ, եւ այս ժողովուրդը այդ փորձութիւնները քաջաբար ընդունած է Աստուծոյ սիրոյն համար: Հայ առաքելական եկեղեցին եղած է ուխտաւոր ժողովուրդ մը եւ իւրայատուկ կերպով ապրած է դէպի Աստուծոյ թագաւորութիւն ուղեւորութեան իմաստը: Գաղթի, հալածանքներու եւ նահատակութեան պատմութիւնը, որ ապրած են բազմաթիւ հաւատացեալներ, բոլոր հայերուն սրտին մէջ խոր վէրքեր յառաջացուցած է: Պէտք է տեսնենք եւ մեծարենք այդ վէրքերը, իբրեւ նոյնինքն Քրիստոսի մարմինին հասած վէրքեր, եւ այս իսկ պատճառով իբրեւ անսպառ յոյսի եւ Աստուծոյ նախախնամական ողորմութեան նկատմամբ վստահութեան դրդապատճառ»:
Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ փոխանակուած խօսքերէն ետք, տեղի ունեցած է նուէրներու փոխանակում: Արամ Ա. կաթողիկոս պապին նուիրած է Բարձրբերդի Աւետարանի կրկնօրինակը, իսկ պապը կաթողիկոսին նուիրած է Ս. Յովհաննու Աւետարանէն Պապիրոսի վրայ 14-րդ դարուն գրուած էջ մը:
Աւելի ուշ, կաթողիկոսն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ճաշի հիւրը եղած են Պապին:
«Ազդակ»