Վա­լան­սի Հա­մազ­գա­յինի թա­տերա­խումբը փարիզահայութեան հրամցուց Պարոնեանի «Ալաֆ­րանկա»ն

«Շողոքոր­թը»ի ներ­կա­յացու­մէն տա­րի մը ետք, ահա­ւասիկ փա­րիզեան բե­մին վրայ երկրորդ ան­գամ ըլ­լա­լով կը յայտնուէր Վա­լան­սի Հա­մազ­գա­յինի թա­տերա­խումբը: Ըն­դա­ռաջե­լով Փա­րիզի Հա­մազ­գա­յինի հրա­ւէրին, հա­յախօս թա­տերա­սէր­նե­րուն ան այս ան­գամ պիտի հրամցնէր դար­ձեալ Պա­րոնեանէն, սա­կայն նուազ ծա­նօթ գործ մը՝ «Ալաֆ­րանկա» եր­գի­ծավէ­պը, որ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը ներկայացուէր հանրութեան: Այս գոր­ծը լոյս տե­սած է Պա­րոնեանի խմբագ­րած «Թատ­րոն»ին մէջ, 1873ին, «Լե­ռը մար­գա­րէին քով չեր­թայ նէ, մար­գա­րէն լե­րան քով կ՚եր­թայ» խո­րագ­րով: Ան գրուած է հա­յատառ թրքե­րէնով, ինչ որ յատ­կա­պէս 1840-1870 ժա­մանա­կաշրջա­նին Թուրքիոյ մէջ ընդհան­րա­ցած ձեւ մըն էր, հա­սանե­լի դառ­նա­լու հա­մար թրքա­խօս հայ հան­րութեան եւ պէտք է խոս­տո­վանիլ, որ այդ ձե­ւի գրա­կանու­թիւնը անու­րա­նալի դե­ր կատարած է նշեալ խա­ւին մտա­ւոր զար­գացման գոր­ծին մէջ: Ժա­մանա­կի ըն­թացքին, սա­կայն, հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու հետզհե­տէ բազ­մա­ցու­մով ալ, ան­հե­տացած է այդ գրա­կանու­թիւնը:

Ըստ պա­րոնեանա­գէտ եւ արուես­տա­բան Գ.Խ. Ստե­փանեանի, «Ալաֆ­րանկա» եր­գի­ծավէ­պը շուրջ հա­րիւր տա­րի թրքա­խօս մա­մու­լի էջե­րուն մէջ մնա­լէ ետք, միայն 1960ական­նե­րուն դար­ձած է հայ հան­րութեան սե­փակա­նու­թիւնը: Ստե­փանեանի հա­մաձայն հայ հե­ղինակ­նե­րու բազ­մա­թիւ այլ գոր­ծեր կը շա­րու­նա­կեն մնալ թրքա­խօս մա­մու­լի էջե­րու փո­շինե­րուն տակ:

Կի­րակի, Նո­յեմ­բեր 24ին, Փա­րիզ 9րդի թա­ղապե­տարա­նի «Ռո­սինի» սրա­հը գրե­թէ ամ­բողջու­թեամբ լե­ցւած էր հայ թա­տերա­սէր­նե­րով: Սրա­հէն յոր­դող բազ­մութեան մը առ­ջեւ կա­տարուած նա­խորդ ներ­կա­յացու­մին բաղ­դատմամբ նուազ հան­դի­սական­նե­րու թի­ւը թե­րեւս կա­րելի է բա­ցատ­րել տուեալ ժա­մանա­կար­ջա­նի ճոխ օրա­ցոյ­ցով: Օրի­նակ, նա­խորդ գի­շեր ալ, նոյն սրա­հին մէջ կար Հ.Յ.Դ. «Ար­մէն Գա­րօ» կո­միտէի ձեռ­նարկը նուիրուած՝ Լիզ­պո­նի եւ Ար­ցա­խի ազա­տամար­տիկնե­րուն, փա­րիզեան շրջա­նին մէջ կա­յին բա­րեսի­րական պա­րահան­դէսներ, յե­տոյ՝ թա­տերա­կան ներ­կա­յաց­ման նոյն ժա­մերուն կը շա­րու­նա­կուէր «Ֆո­նէթոն»ը, եւլն.: Հա­կառակ տրտնջա­կան բո­լոր մօ­տեցումնե­րուն, մենք պի­տի վերցնենք սա­կայն դրա­կանը՝ փա­րիզեան հա­մայնքա­յին կեան­քին աշ­խուժու­թիւնը, նոյ­նիսկ եթէ զի­րար չխա­չաձե­ւելու առու­մով կազ­մա­կերպչա­կան թե­րու­թիւններ դեռ կը պա­տահին եւ կը յու­զեն կազ­մա­կեր­պիչներ:

Վե­րադառ­նա­լով մեր ներ­կա­յաց­ման, նախ հարկ է ընդգծել, որ հրամ­ցուածը թա­տեր­գութիւն մը չէր, այլ ինչպէս վե­րը ըսինք՝ եր­գի­ծավէպ մը: Ատի­կա բնա­կանա­բար իր հետ կը բե­րէր զա­նազան դժուարու­թիւններ, կը բար­դացնէր բե­մակա­նացու­մը: Այդ ծանր գոր­ծը յանձն առած էր Սի­մոն Մնա­կեան, որ գլխա­ւոր՝ Նի­կոթի­մոսի դե­րը ստանձնե­լէ զատ, կա­տարած էր յար­մա­րեց­ման եւ բե­մադ­րութեան դժուար գոր­ծե­րը: Բե­մայար­դա­րու­մը գրե­թէ նուազա­գոյ­նի իջե­ցուած էր: Բե­մին վրայ զե­տեղուած պաս­տա­ռի մը վրայ մերթ ընդ մերթ կը սփռուէին բե­մէն նմոյ­շով մը տրուած դէպ­քե­րու զար­գա­ցու­մը եւ սա­հող ժա­մանա­կը ցոյց տուող ժա­պաւէ­նէն հա­տուած­ներ, նկա­րահա­նուած՝ թա­տերա­խու­մին կող­մէ: Ան­խօս շար­ժանկա­րի թէք­նի­քով, հին­ցուած պատ­կերնե­րը կը ներ­կա­յացուէին տո­ղատա­կի հա­յերէն բա­ցատ­րութիւննե­րով եւ շար­ժանկա­րի նախ­նա­կան շրջա­նի յա­տուկ դաշ­նա­կի մե­ղեդի­ներու ըն­կե­րակ­ցութեամբ:

Գա­լով պատ­մութեան, ան կը հիւ­սէ բա­րեկե­ցիկ Նի­կոթի­մոս աղա­յին գլխուն եկած երե­ւակա­յելի եւ անե­րեւա­կայե­լի այն բո­լոր փոր­ձանքնե­րու շա­րանը որոնք զինք կ՚առաջ­նորդեն կա­տարեալ սնան­կութեան, որ­պէս հե­տեւանք արեւմտա­կանա­ցու­մի՝ «ա լա ֆրան­կա»յի («ա լա ֆրան­սէզ») կոյր տեն­չին ի վնաս հա­րազատ բար­քե­րուն, զոր իրեն եւս կը պար­տադրուի կնոջ եւ իրենց եր­կու աղ­ջիկնե­րուն կող­մէ: Ի վեր­ջոյ, Նի­կոթի­մոս աղա, որ փառք պա­տիւ վա­յելող անձ է, թէ­կուզ կը դառ­նայ Մոն­սէ­նիէօր Նի­կոթի­մոս, բայց տնա­զուրկ, ըն­տա­նիքէն լքուած, փո­րը կշտաց­նե­լու հա­մար՝ ղրու­շի կա­րօտ մոն­սէ­նիէօր մը:

Կրկնե­լով ներ­կա­յաց­ման յայ­տագրին մէջ ըսուածը, կը հաս­տա­տենք թէ՝ «Խնդա­լը օգ­տա­կար է առող­ջութեան կ՚ըսեն, բայց ինչպէս պի­տի տես­նէք, բո­լոր կա­տակեր­գութիւննե­րու խոր­քին մէջ ող­բերգու­թիւն մը պա­հուը­տած է»:

Առանց միջ­նա­րարի մէ­կու­կէս ժամ տե­ւող այս ներ­կա­յացու­մը նուազ զա­ւեշ­տա­կան էր, քան նա­խոր­դը, բայց աւե­լի թէք­նիք էր, պի­տի ըսէինք՝ քիչ մը ապե­րախտ աշ­խա­տանք մը, զոր Վա­լան­սի Հա­մազ­գա­յինի թա­տերա­խումբը գլուխ հա­ներ էր ամե­նայն յա­ջողու­թեամբ, Սի­մոն Մնա­կեանի ղե­կավա­րու­թեան տակ: Դե­րակա­տար­ներն էին, Սի­մոն Մնա­կեանի կող­քին, Շա­հանէ Գաս­պա­րեան-Օհա­նեան, Զա­պէլ Գաս­պա­րեան, Ար­թուր Մկրտչեան, Անի Սա­հակեան, Րաֆ­ֆի Իփ­ճեան, Կար­պիս Պտղու­նի, Յա­կոբ Ակիւ­րեան, Գո­գօ Պար­տաքճեան: Դեռ կան բե­մայար­դա­րու­մի, ղե­կավար­ման, շպա­րու­մի, ֆիլ­մի պատ­րաստու­թեան, երաժշտու­թեան, վար­չա­կան գոր­ծե­րու նուիրեալ­նե­րը:

Թա­տերա­խումբը փա­րիզեան այս առա­ջին ներ­կա­յացու­մէն ետք շրջապ­տոյտի մը կը սկսէր, կար­գով այ­ցե­լելով Լիոն, Նիս, Մար­սի­լիա, Պրիւ­սէլ, Ժը­նեւ քա­ղաք­նե­րը, աւար­տե­լու համար Վա­լան­սի մէջ:

Թա­տերա­կանին քով եւ ան­կէ ան­դին խիստ գնա­հատե­լի է Հա­մազ­գա­յինի Վա­լան­սի թա­տերա­խումբին՝ հա­յերէ­նին բե­րած նպաս­տը, որու նկատ­մամբ մտա­հոգու­թիւնը յայ­տագրին մէջ ալ բազ­միցս ընդգծուած է:

Հա­յերէ­նի ապա­գայով մտա­հոգ՝ մայ­րե­նիով ստեղ­ծա­գոր­ծող, ինչպէս նաեւ անոնց թի­կունք կանգնող բո­լորին ալ վարձքը կատար:

Ա. Դ.

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up