«Տէպորտիւօ Արմէնիոն» կը խաղայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սեւ մարզաշապիկով
Արժանթինական «Տէպրոտիւօ Արմէնիօ» ֆութպոլային խումբը յառաջիկայ հանդիպումներուն հանդէս կու գայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սեւ մարզաշապիկով, որուն վրայ կ’ըլլայ անմոռուկի նշան ու «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» գրութիւնը, ըստ sport.news.am-ի` կը հաղորդէ ակումբի թուիթերեան էջը:
1962 թուականին հայ համայնքի ստեղծած ֆութպոլային խումբը այժմ հանդէս կու գայ Արժանթինի առաջնութեան երրորդ շրջանին: