Աւստրալիոյ Ռայտ Քաղաքը Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ընդառաջ Բանաձեւ Ընդունած Է

Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի խորհուրդի նիստին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով միաձայն բանաձեւ մը ընդունուած է: Այս մասին NEWS.am-ը կը տեղեկանայ Աւստրալիոյ հայ դատի յանձնախումբի մամուլի ծառայութենէն:
10 տարի առաջ Ռայտ քաղաքի Խորհուրդը դարձաւ Աւստրալիոյ առաջին տեղական խորհուրդը, որ 1915-1923թուականներուն կատարուածը որակեց Ցեղասպանութիւն: Այս տարի բանաձեւը ընդունուած է` նպատակ ունենալով յարգանքի տուրք մատուցանել 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Բանաձեւի նախագիծը, ինչպէս 10 տարի առաջ, այս անգամ նոյնպէս ներկայացուցած է քաղաքային խորհրդի անդամ Սարգիս Ետելեանը: Քննարկումներու ժամանակ նիստերու դահլիճը լեփ-լեցուն եղած է: Ռայտի հայկական համայնքի շատ հայեր ելոյթ ունեցած են` ընդգծելով այդ փաստաթուղթին կարեւորութիւնը:
Անկէ զատ, աւստրալական մամուլը աննախադէպ կերպով անդրադարձած էր Հայոց ցեղասպանութեան թեմային: The Australian-ը, The Sydney Morning Herald-ը, The Australian Financial Review-ը, SBS TV-ն եւ ABC TV-ն լայնօրէն մեկնաբանած էին Հայոց ցեղասպանութեան թեման:
Աւստրալիոյ հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեանը յայտարարած է, որ կ՛ողջունէ Ռայտ քաղաքի խորհուրդի ընդունած բանաձեւը:
«Ռայտը հերթական անգամ ցուցադրեց Հայոց ցեղասպանութեան հարցով իր ամուր բարոյական եւ սկզբունքային դիրքորոշումը : Ես շնորհակալ եմ Ետելեանին եւ Խորհուրդի բոլոր անդամներուն յատկապէս 100-ամեակին ցուցաբերած հաստատուն եւ անփոփոխ աջակցութեան համար»,- յայտարարած է ան: