Իտալիոյ վարչապետ. «Թուրքիան պէտք է յարգէ հանրութեան կարծիքը»

Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռենցին, երկօրեայ այցով մեկնած է ԱՄՆ: Քաղաքական շրջանակներու հետ հանդիպումներէն յետոյ Իտալիոյ վարչապետը  ացելած է Ուաշինկթընի Ճորճթաունի համալսարան, ուր պատասխանած է ուսանողներու հարցերուն:

«CnnTurk»-ի հաղորդմամբ` կը գրէ ermenihaber.am-ը, Իտալիոյ վարչապետը համալսարանական այդ հանդիպման ժամանակ պատասխանած է նաեւ  թուրք ուսանող Ֆուրքան Փեհլիւանլըի` Թուրքիա-Վատիկան յարաբերութիւններու մասին հարցին: Թուրք ուսանողը նախքան հարցը ուղղելը յիշեցուցած է, որ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Սբ. Պետրոս տաճարին մէջ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու պատարագ մատուցած էր եւ կիրառած  «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը:

Թուրք ուսանողի հարցին ի պատասխան` Ռենցին ըսած է. «Իտալիոյ կառավարութեան դիրքորոշումը այս հարցով բաւական պարզ է: Մեր արտաքին գործերու նախարարութիւնը  թրքական կառավարութեան` Պապի դէմ հնչեցուցած արձագանքներու առնչութեամբ յայտնած է իր դիրքորոշումը: Մէկ դար առաջ  տեղի ունեցածի վերաբերեալ Պապը բաւական պարզ ուղերձ յղեց: Էրտողանի եւ իմ գործընկերոջ (Տաւութօղլուի) արձագանքը բացասական եղաւ, այդ իսկ պատճառով մեր ԱԳ նախարար Փաոլօ Ճենտիլոնին ալ թրքական կառավարութեան
քննադատեց»:

Բացի վերոնշեալ թեմայէն, Իտալիոյ վարչապետը խօսած է նաեւ  ԵՄ-Թուրքիա եւ ՆԱԹՕ-Թուրքիա  յարաբերութիւններէն, ինչպէս նաեւ աւելցուc, որ թէկուզ Թուրքիան պիտի նախագահէ  Մեծ քսանեակի (G-20) յառաջիկայ նիստը, այնուամենայնիւ ան պէտք է յարգանքով մօտենայ  հանրութեան կարծիքին:

Scroll Up