«Ակօս»-ի խմբագիրը արձագանքած է Էրտողանին.պատմութիւնը որոշած է` ցեղասպանութիւն

Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Էդուարդ Տանձիկեան խիստ քննադատութեան ենթարկած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը` Եւրոխորհրդարանի որոշման հետ կապուած հայերու հասցէին ըսած խօսքերուն համար: Այս մասին կը գրէ NEWS.am-ը:
«Ակօս»-ի խմբագիրը, յիշեցնելով Էրտողանի «Եւրոխորհրդարանի որոշումը մեր մէկ ականջէն կը մտնէ, միւսէն դուրս կուգայ» արտայայտութիւնը, շեշտած է, որ անով Թուրքիան ցոյց կու տայ , որ կը շարունակէ ժխտողական եւ ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը: «Ուրիշ անգամ Էրտողան կ’ըսէր, թէ որոշումը ձգենք պատմաբաններուն: Այո, պատմութիւնը արդէն որոշած է` ցեղասպանութիւն: Էրտողանի ըսածները բանակի ըսածներէն չի տարբերիր:
Յաջորդը որ Էրտողանը ըսած է, թէ հայերը Հայաստանէն փախած եւ եկած կ’ապրին Թուրքիոյ մէջ: Հայերը չեն փախած, անոնք այստեղ կ’աշխատին: Անով Էրտողան կը վիրաւորէ: Բացի այդ, հայաստանցիներուն մեծ մասը այս հողերէն Հայաստան գաղթողներու ժառանգներն են:
Էրտողան հայերուն արտաքսելու հետ կապուած օգտագործեց deport բառը: Անգլերէնի մէջ այն ունի տեղահանութիւն իմաստը»,-ըսած է «Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիրը: