Պատմական Փաստի Լիարժէք, Անկեղծ ու Արդար Ճանաչումը Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի Շահերէն Կը Բխի. Սպիտակ Տուն

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւ վարչակազմի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ բազմիցս ճանչցած են պատմական այն փաստը, որ Օսմանեան Թուրքիոյ գոյութեան վերջին տարիներուն 1,5 միլիոն հայ սպաննուած կամ ստիպողաբար մահուան երթի դատապարտուած է դէպի անապատ:
Այս մասին՝ ըստ «Ամերիկայի ձայն»-ին՝ յայտարարած է Սպիտակ տան խօսնակ Ճոշ Էրնըսթ՝ պատասխանելով ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի` Մեծ եղեռնի յիշատակի օրուան առիթով Ապրիլ 24-ին նախապատրաստուող յայտարարութեան մէջ ցեղասպանութիւն բառի օգտագործման վերաբերեալ հարցին:
«Մենք ընդգծած ենք նաեւ, որ մենք կ՝ողբանք մահուան այդ դէպքերուն համար, եւ որ այդ փաստին լիարժէք, անկեղծ ու արդար ճանաչումը կը բխի մեր բոլորի, ներառեալ՝ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ամերիկայի շահերէն: Ազգերը աւելի հզօր են, երբ կը զարգանան՝ ճանչնալով սեփական անցեալի վտանգաւոր դրուագները, եւ այդ իսկ ճանաչման մէջ է նոր, աւելի հանդուրժող ապագայ կառուցելու ճանապարհը»,- նշած է Սպիտակ տան մամլոյ խօսնակը: Անոր խօսքով՝ պատմական այդ փաստի ճանաչման անհրաժեշտութիւնը տարիներու ընթացքին առաջնորդած է ամերիկեան վարչակազմին մօտեցումը:
«Նախագահը աւանդաբար Ապրիլի վերջը յայտարարութիւն կը տարածէ այս իրավիճակին վերաբերեալ, այդ ահաւոր պատմական իրադարձութեան առիթով, եւ ես չեմ կարծեր, որ մինչ այդ մեր քաղաքականութիւնը պիտի փոխուի»,- ըսած է Ճոշ Էրնըսթ: