Փորձ Չունեցող 150 Երիտասարդ Աշխատանք Գտած Է ՄԱԿ-ի Ու ԳործատուներուՀամագործակցութեան Արդիւնքով
Հայաստանի համալսարաններն աւարտած եւ աշխատանքային փորձ չունեցող 240երիտասարդներէ 150-ը անցած են աշխատանքի Հայաստանի յառաջատարկազմակերպութիւններու մէջ «Երիտասարդներու յառաջխաղացման արահետ»ծրագիրի միջոցով: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է ՄԱԿ-իԶարգացման պայմանագիր ծրագիրի օգնական Արշալոյս Վարդանեանը: «2007թ-էնգործող «Երիտասարդներու յառաջխաղացման արահետ» ծրագիրի չորրորդ փուլը, որմեկնարկած է 2012-ի դեկտեմբեր 1-ին, կը մօտենայ իր աւարտին: Ծրագիրինդիմում-յայտ ներկայացուցած են 800 երիտասարդ, որոնցմէ 60-ը ընտրուած են ուանցած փորձնական աշխատանքի,-ըսած է Արշալոյս Վարդանեան:
Չորրորդ փուլի տուեալներով` փորձնական աշխատանքի անցած 60երիտասարդներէն 24-ին մշտական աշխատանք առաջարկուած է գործատուկազմակերպութիւններուն կողմէ: Անդրադառնալով ծրագիրի հնարաւորշարունակականութեան` Արշալոյս Վարդանեան դժուարացած է նշելու, թէ երբ պիտիըլլայ ծրագիրի յաջորդ փուլը, քանի որ այդ կախուած է հովանաւոր կազմակերպութեանառկայութենէն:
ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի կողմէ իրականացուող «երիտասարդներույառաջխաղացման արահետ» ծրագիրի հիմնական նպատակն է օժանդակել գործազուրկերիտասարդներուն աշխատանք փնտրելու անցումային շրջանը` տրամադրելովանմիջական աշխատանքի հնարաւորութիւն փորձնականի միջոցով: Վճարուողփորձնականի տեւողութիւնը վեց ամիս է, որուն ընթացքին մասնակիցները կըստանան խորհրդանշական գումար: ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի հայաստանեանգրասենեակը, գործատու կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեամբ,պատասխանատու է մրցակցային հիմունքներով 60 փորձնական աշխատողներուընտրութեան եւ տեղաւորման համար: