Վրացահայերը Խորհրդարանէն Կը Պահանջեն Պաշտօնապէս Քննարկել Ցեղասպանութեան Հարցը
Վրաստանի մէջ գործող հայկական հոգեւոր եւ աշխարիկ հասարակական կազմակերպութիւնները դիմած են երկրի Խորհրդարանին՝ պահանջելով, որ Վրաստանի մէջ սկսին 1915-1923թ.ին հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման պաշտօնական քննարկումները:
Վրաստանի Հայ Համայնքի մամուլի դիւանին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ «1915-1923թթ.ին կատարուած յանցագործութեան արդիւնքով հայ ժողովուրդը կորսնցուց աւելի քան 2 000 000 իր որդիներն ու դուստրերը, իսկ Հայաստանի մեծ մասը գրաւուեցաւ հայ ժողովուրդի կոտորածը իրականացնող Թրքական պետութեան կողմէն: 1915-23թթ. Թուրքիոյ կողմէն կատարուած յանցագործութիւնը կը գնահատուի իբրեւ Ցեղասպանութիւն` յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ: Դեռ 1915թ. Մայիսին Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Ռուսաստանը ներկայացան համատեղ յայտարարութեամբ, որուն տակ ստորագրած ուժերը Թուրքիոյ յանցագործ գործողութիւնները կը բնութագրեն իբրեւ «նոր յանցագործութիւն մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ»: Հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնման` հատուցման հարցը քննարկուած է նաեւ 1919թ.ին Փարիզեան խաղաղ խորհրդաժողովին ժամանակ, որուն աշխատանքներուն ծիրէն ներս ստեղծուած է խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ Թուրքիոյ կողմէն իրականացած յանցագործութիւնը հետաքննող դատական ատեան: Դատական ատեանի աշխատանքներուն իբրեւ արդյունք՝ 1919թ.ին Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը մեղաւոր ճանչցուած եւ մահապատիժի դատապարտուած է: Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներու ապաբռնագրաւման հարցը արտացոլուած եղած է 1920թ.ի Սեւրի պայմանագրի դրոյթներուն մէջ` դառնալով Փարիզեան խաղաղ խորհրդաժողովի արդիւնքներուն մէկ մասը: 1915-23թթ. Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը հիմք դարձաւ հրէական ծագումով լեհ փաստաբան Ռաֆայէլ Լեմկինի 1943թ. մշակած եւ 1948թ. ՄԱԿ-ի Գերագոյն Ասամպլեային ընդունած բանաձեւին համար, ըստ որուն ընդունուեցաւ «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին պայմանագիրը»: Հարկ է նշել, որ 1993թ.ին Հոկտեմբեր 11-ին Վրաստանը վաւերացուց այս պայմանագիրը:
Այսօր 1915-23թթ. Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ճանչցուած է, իսկ անոր կազմակերպիչ Թուրքիան դատապարտուած է աւելի քան 20 երկիրներու կողմէ (Գանատա, Իտալիա, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Արժանթին, Լիբանան, Հոլանտա, Ռուսաստան, Լեհաստան, Վատիկան եւ այլն): Հայ ժողովուրդին հանդէպ Ցեղասպանութեան իրականացման փաստը ճանչցած է նաեւ ԱՄՆ-ի 50 նահանգներէն 46-ը, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ամբողջ շարք մը, ներառեալ նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանը, Եւրոխորհուրդը, Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութիւնը եւ այլն:
Մենք՝ ներքոստորագրեալ Վրաստանի մէջ գործող հայկական հասարակական կազմակերպութիւններս, յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու, կոչ կ՝ուղղենք ձեզ` միանալ համաշխարհային քաղաքակիրթ հանրութեան, յարգել Վրաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կամքը եւ Վրաստանի Խորհրդարանին մէջ նախաձեռնել Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքին հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչաման հարցին քննարկումը»,- ըսուած է Վրաստանի մէջ գործող հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու` խորհրդարանին, Վրաստանի նախագահին եւ վարչապետին ուղղուած դիմումին մէջ:
Վրաստանի մէջ գործող հայկական աշխարհիկ-հասարակական եւ հոգեւոր կազմակերպութիւնները նաեւ կոչ ուղղած են Վրաստանի խորհրդարանի հայ երեք պատգամաւորներուն` ներկայանալու համատեղ յայտարարութեամբ եւ կոչ ուղղելու Վրաստանի Խորհրդարանին՝ յառաջիկայ նիստին ժամանակ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու 1915-23թթ.ի Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Յիշեցնենք, որ Վրաստանի մէջ գործող հայկական հասարակական կազմակերպութիւնները արդէն 10-րդ անգամ կը դիմեն երկրի իշխանութեան 1915-23թթ.ի Ցեղասպանութեան փաստի` Վրաստանի կողմէն պաշտօնական ճանաչման խնդրանքով: Մինչդեռ, չնայած բազում դիմումներուն, Վրաստանի իշխանութիւնը ամէն կերպ կ՝անտեսէ երկրի բնակչութեան ընդհանուր քանակի աւելի քան 6% կազմող իր քաղաքացիներուն կամքը:
1915-23թթ. Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման հարցին քննարկումները Վրաստանի մէջ սկսելու կոչով Խորհրդարանին ուղղուած դիմումը ստորագրած են՝ Վիրահայոց Թեմը, Վրաստանի Հայ Համայնքը, Վիրահայոց Թեմի «Հայարտուն» մշակութալուսացորռական Կեդրոնը, Սամցխէ-Ջաւախքի Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը, Թիֆլիսի պետական Հայկական Թատրոնը, Աճարիոյ հայերու Միութիւնը, «Վրաստան» թերթը, Վիրահայերու Միութիւնը, Թիֆլիսահայերու Վեհաժողովը, Թիֆլիսահայերու Միութիւնը, Ախալցխայի Երիտասարդական Կեդրոնը՝ ընդամէնը 30 կազմակերպութիւն եւ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ՝ Կիւի Շախնազար, Անահիտ Պոստանճեան եւ այլոք: