Եւրոխորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւ Ընդունեց
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/european-parlament.jpg)
Եւրոպայի խորհրդարանը վայրկեաններ առաջ ձայներու մեծամասնութեամբ ընդնունեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը: Ան կ՛առաջարկէ եւ կը յանձնարարէ ԵՄ անդամ երկիրներու ազգային խորհրդարաններուն ու կառավարութիւններուն համապատասխան բանաձեւեր ընդունիլ եւ որոշումներ կայացնել երեւոյթի ճանաչման ու դատապարտման վերաբերեալ: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` ասիկա Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած երրորդ փաստաթուղթն է, որ կը ճանչնայ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան կառավարութեան կանխամտածած եւ իրականացրած` 1.5 միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Եւրոխորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշում ընդունած էր դեռ 28 Սեպտեմբեր 2005-ին:
Իսկ 18 Յունիս 1987-ին նոյն կառոյցի ընդունած բանաձեւին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ Եւրոպական խորհրդարանը կը գտնէ, որ 1915-1917 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն են, ինչպէս որ կը սահմանուի ՄԱԿ-ի գլխաւոր ասամպլէայի 9 Դեկտեմբեր 1948-ին ընդունած Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ դատապարտման պայմանադրութեան մէջ: