Կոտրած են Սպանիոյ Ալիկանտէ քաղաքին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/Ալկանտե.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 2015թ. Ապրիլ 12-ին անյայտ անձիք կոտրած են Սպանիոյ Ալիկանտէ քաղաքին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարին վրայ քանդակուած խաչը եւ վնասած խաչքարը:
Տեղի հայ համայնքը դիմած է քաղաքի համապատասխան մարմիններուն (քաղաքային իշխանութիւններ, ոստիկանութիւն), որպէսզի խաչքարը վերականգնուի, իսկ յանցագործութիւնը կատարած անձիք յայտնաբերուին եւ օրէնքի ողջ խստութեամբ ենթարկուին պատասխանատուութեան:
Այժմ իշխանութիւնները միջոցներ կը ձեռնարկեն համայնքին կողմէ կազմակերպուող ապրիլեան բոլոր ձեռնարկներու անվտանգութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ խաչքարը յետագայ վնասումէն զերծ պահելու նպատակով: