Հռոմի Պապը պատասխանեց Թուրքիոյ. Եկեղեցւոյ ուղին անկեղծութիւնն է, այն պէտք է ազատ խօսի

Հայոց ցեղասպանութեան մասին Ապրիլ 12-ին Հռոմի Պապի յայտարարութենէն յետոյ, երբ թրքական իշխանութիւնները իրենց դժգոհութիւը  յայտնած էին Վատիկանին եւ այնտեղէն ետ  կանչած էին իրենց դեսպանը, Ֆրանչիսկոս պապը նոր պատարագի ընթացքին պատասխանած է այդ բողոքներուն:

«Եկեղեցւոյ ուղին անկեղծութիւնն է: Այն պէտք է ազատ խօսի: Ատիկա կ’ապացուցէ Քրիստոսի Յարութենէն յետոյ Սուրբ առաքեալներու վարած կեանքը: Չկայ այլ ճանապարհ, քան ըսել ճշմարտութիւնը, նոյնիսկ` դառը: Սուրբ հոգին ի վիճակի է փոխելու մեր կեանքը եւ համարձակութիւն ու քաջութիւն տալու», – ըսած  է Հռոմի պապը, կը յայտնէ Panorama.am-ը` յղում ընելով Վատիկանի ձայնասփիւռը:

Ան բոլոր իր հետեւորդներուն կոչ ըրած է ըսելու ճշմարտութիւնը եւ չվախնալու ատոր համար: Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առթիւ զոհերու յիշատակին պատարագի ժամանակ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու սպանութիւնները անուանած է «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն»:

«Հայոց ցեղասպանութեան, այդ անծայրածիր խենթ ողբերգութեան 100-րդ տարելիցը յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը: Ծածկել յանցանքը, կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի», – ըսած է Հռոմի Պապը:

Միջազգային գրեթէ բոլոր յառաջատար գործակալութիւններն ու այլ լրատուամիջոցները Breaking news ձեւաչափի մէջ տարածած են այս փաստը, որոշները, օրինակ` AP-ը, աւելցուցած են նաեւ, որ սա Թուրքիոյ հաստատ կը բարկացնէ: Բաւականին ամբողջական անդրադարձ  կատարուած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան:

Scroll Up